Ըմբշամարտ. Մալխաս Ամոյեան Ընտրուեցաւ Եւրոպայի Լաւագոյն Յունահռոմէական Ըմբիշ

Ալպանիոյ մայրաքաղաք Թիրանայի մէջ տեղի ունեցող ըմբշամարտի Եւրոպայի ախոյեանութեան նախօրեակին, Եւրոպայի ըմբշամարտի կոմիտէն Մալխաս Ամոյեանը ընտրեց 2025-ի յունահռոմէական ոճի տարուան լաւագոյն մարզիկ:

27 տարեկան ըմբիշին համար 2025-ը տպաւորիչ էր եւ անխոցելի: Փարիզի Ողիմպիական խաղերու պրոնզէ մետալակիր, երկու անգամ աշխարհի ախոյեան եւ 4 անգամ Եւրոպայի ախոյեան Ամոյեան անցեալ տարի ոչ մէկ պարտութիւն կրած էր: Ամոյեանի յաջող տարին ընդգրկած էր աշխարի եւ Եւրոպայի ախոյեանութիւնները, ինչպէս նաեւ Վարշաւայի հեղինակաւոր Լեհաստանի բաց մրցաշարքի ոսկի մետալը:

Հետաքրքրականը այն է, որ Ամոյեան այսօր իսկ պիտի սկսի իր արշաւը 5-րդ անգամ ըլլալով դառնալու Եւրոպայի ախոյեան:

Նշենք, որ նոյն սեմինարին ժամանակ տարուան լաւագոյններու ընտրութիւններուն կարգին ընտրուած է նաեւ Արմէն Բաբալարեան` իբրեւ Եւրոպայի լաւագոյն մարզիչ:

Հայաստանի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Բաբալարեան ազատ ոճի ըմբշամարտի 2025-ի լաւագոյն տիտղոսը ստացաւ Ամոյեանի կողքին:

 

Leave a Comment