Բռնցքամարտ. Հայաստան Երկար Ուշացումէ Ետք Հասաւ Պրազիլ

Հայաստանի բռնցքամարտի հաւաքականը գրեթէ 4 օր ճամբորդութենէ ետք հասաւ Պրազիլ` մասնակցելու աշխարհի բաժակի առաջին մրցաշարքին:

Ըստ Հայաստանի բռնցքամարտի ֆետերասիոնին, մարզիկներուն ճանապարհը դէպի Իկուասու (Պրազիլ) գրեթէ 4 օր տեւած է եւ լեցուն եղած է բազմաթիւ դժուարութիւններով: Նախ պատուիրակութիւնը ստիպուած եղած է երկու օր մնալ Ֆրանքֆորթի մէջ (Գերմանիա), ուր «Լուֆթհանզա» ճամբորդական ընկերութեան աշխատակիցները գործադուլի դիմած էին կազմակերպչական խափանումներու պատճառով:

Մարզական վարչութիւնը միջամտած է, եւ այս միջամտութեան շնորհիւ յաջողած են ձեռք ձգել տոմսեր` Ֆրանքֆորթ – Սան Փաուլօ – Իկուասու գիծով: Սակայն այդ թռիչքն ալ անցած է խնդիրներով: Թռիչքի ուշացումը անգամ մը եւս ժամանակի կորուստի պատճառ դարձած է, եւ պատուիրակութիւնը ստիպուած եղած է արագ ձեւով նոր տոմսեր ձեռք ձգել պրազիլական ներքին թռիչքի համար:

Բոլոր այս դժուարութիւններէն ետք, հայ բռնցքամարտիկները վերջապէս հասած են մրցաշարքի վայրը: Աշխարհի ախոյեանութեան կը մասնակցին 49 երկիրներէ ներկայացուցիչներ, եւ բռնցքամարտի պատմութեան ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով այսքան մեծ թիւով երկիրներ եւ մարզիկներ (մօտ 400 մարզիկ) կը մասնակցին «Ուորլտ Պոքսինկ»-ի օրացոյցին մաս կազմող մրցաշարքին:

 

 

Leave a Comment