Աւելի քան 80.000 մարդ վերադարձած է Ղարաբաղ եւ «Արեւելեան Զանգեզուր»: Ազրպէյճանական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ այս մասին ՄԱԿ-ի Ասիոյ եւ Խաղաղական ովկիանոսի տնտեսական եւ ընկերային յանձնախումբի 82-րդ նստաշրջանի մասնակիցներուն ըսած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ:
Ալիեւ իր ուղերձին մէջ նշած է, որ այս հանդիպումը տեղի կ՛ունենայ համաշխարհային աճող անորոշութեան պայմաններու մէջ, իսկ սրող աշխարհաքաղաքական լարուածութիւնն ու ընդլայնուող հակամարտութիւնները ի յայտ կը բերեն միջազգային խաղաղութեան փխրունութիւնը:
Ալիեւ ընդգծած է, որ այս համապատկերին մէջ Ազրպէյճան վերստին կը դրսեւորէ իր անսասան հաւատարմութիւնը պետութիւններու գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքներուն նկատմամբ:
Երկրին ղեկավարը յիշեցուցած է, որ Ազրպէյճան լիովին վերականգնած է իր գերիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը, սկսած է խաղաղութեան օրակարգ Հայաստանի հետ, եւ այսօր մենք կը տեսնենք այդ խաղաղութեան պտուղները: Այսպէս, Պաքուն եւ Երեւանը հաստատած են առեւտրական յարաբերութիւններ, եւ Ազրպէյճան պայմաններ ստեղծած է դէպի Հայաստան տարանցման համար: Բացի ատկէ, քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներու փոխադարձ այցելութիւնները կը նպաստեն վստահութեան ամրապնդման:
Ան իր արտասանած խօսքին մէջ պատմած է «բռնագրաւումի շրջանին ամբողջութեամբ աւերուած տարածքներու» վերականգնման եզակի եւ լայնածաւալ նախագիծերու, «Մեծ վերադարձ» ծրագիրի յաջողութեան մասին:
Ազրպէյճանի նախագահը յայտնած է, որ աւելի քան 80.000 մարդ վերադարձած է Ղարաբաղ եւ «Արեւելեան Զանգեզուր, հայրենի հողերուն վրայ» իրենց կեանքը վերակառուցելու, սորվելու եւ աշխատելու համար:
Ալիեւ նշած է, որ ականները կը մնան լուրջ սպառնալիք, եւ այդ խնդիրը, որ գոյութիւն ունի նաեւ շարք մը այլ երկիրներու մէջ, կը պահանջէ տուեալ ոլորտին մէջ միջազգային լայն համագործակցութիւն:
Ան յայտնած է, որ 2020 թուականին հակամարտութեան աւարտէն ետք, աւելի քան 400 ազրպէյճանցի խաղաղ բնակիչ սպաննուած կամ վիրաւորուած է ականներու պայթումներուն պատճառով: