Ճատրակ. Ռոպերթ Յովհաննիսեան 9-րդ Դիրքը Գրաւեց Եւրոպայի Անհատական Ախոյեանութեան

Շաբաթավերջին վերջ գտաւ ճատրակի Եւրոպայի անհատական ախոյեանութիւնը, որ տեղի ունեցաւ Լեհաստանի Քաթովիչէ քաղաքին մէջ:

Հայաստանի հաւաքականի անդամներէն Ռոպերթ Յովհաննիսեան 8 կէտերով գրաւեց դասաւորման 9-րդ դիրքը` 1 կէտով ետ մնալով ուքրանացի վարպետ Ռոման Տեհթիարովէն:

Հայկ Մարտիրոսեան իր կարգին 8 կէտեր շահեցաւ կարելի 11 կէտերէն եւ գրաւեց 13-րդ դիրքը, մինչ Արսէն Դաւթեան 23-րդ դիրքը գրաւեց 8 կէտերով:

Էմին Օհանեան, Շանթ Սարգսեան, Գաբրիէլ Սարգսեան եւ Արթուր Դաւթեան 7,5-ական կէտեր ձեռք ձգեցին` գրաւելով յաջորդաբար 27-րդ, 28-րդ, 47-րդ եւ 49-րդ դիրքերը:

Մանուէլ Պետրոսեան 7 կէտ ձեռք ձգեց` գրաւելով 80-րդ դիրքը, մինչ Վահէ Սուքիասեան 6,5 կէտերով 100-րդ դիրքը գրաւեց:

Մամիկոն Ղարիբեան, Տիգրան Համբարձումեան, Ռոպերթ Փիլիպոսեան եւ Մարիամ Մկրտչեան 6,5 կէտեր հաւաքելով գրաւեցին յաջորդաբար 115-րդ, 125-րդ, 142-րդ եւ 148-րդ դիրքերը` 501 մասնակիցներու մէջ:

Leave a Comment