«Էն. Պի. Էյ.» Փլէյ-Օֆը Սկսաւ

«Էն. Պի. Էյ.»-ի փլէյ օֆի մրցումները սկսան: Իրենց առաջին մրցումներուն Քլիվլենտ Քեվելիրզ, Տենվըր Նակեթց, Նիւ Եորք Նիքս եւ Լոս Անճելըս Լէյքըրզ յաղթանակներ արձանագրեցին:

Փլէյ-օֆի մրցումներէն դուրս մնացած էին Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ, Չարլոթ Հորնեթց, Լոս Անճելըս Քլիփըրզ եւ Մայեմի Հիթ:

Տոնավըն Միչել (32 կէտ) եւ Ճէյմս Հարտըն (22 կէտ եւ 10 էսիսթ) Քլիվլենտը առաջնորդեցին Թորոնթօ Ռեփթըրզի դէմ 126-113 արդիւնքով յաղթանակի: Ար. Ճէյ. Պերեթ 24 կէտ նշանակեց ի նպաստ Ռեփթըրզի:

Տենվըր Նակեթց 116-105 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզը: Նիքոլա Եոքիչ իր առաջին թրիփըլ-տապըլը արձանագրեց փլէյ օֆի գծով (25 կէտ, 13 ռիպաունտ եւ 11 էսիսթ), մինչ Ժամալ Մարէյ 30 կէտ աւելցուց ի նպաստ Նակեթցի: Մինեսոթայի լաւագոյն մարզիկն էր Անթոնի Էտուըրտծ (22 կէտ):

Նիւ Եորք Նիքս 113-102 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Աթլանթա Հոքսը: Ճէյլըն Պրանսըն (28 կէտ) եւ Քարլ-Անթոնի Թաունզ (25 կէտ) փայլուն ելոյթ ունեցան ի նպաստ Նիքսի, որուն մարզիկներէն Ճոշ Հարթ 11 կէտ եւ 14 ռիպաունտ ձեռք ձգեց: Աթլանթայի լաւագոյն մարզիկն էր Սի. Ճէյ. Մաքոլըմ (26 կէտ):

Բաւական հետաքրքրական մրցումի մը ընթացքին Լոս Անճելըս Լէյքըրզ 107-98 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Հիուսթըն Ռոքեթցը: Լիւք Քենըրտ 5 յաջող 3 կէտնոց կողովներ նշանակեց եւ ընդհանուր 27 կէտերով փայլուն ելոյթ ունեցաւ` օգտուելով վիրաւոր Լուքա Տոնչիչի բացակայութենէն: Լըպրոն Ճէյմս 19 կէտ եւ 13 էսիսթ ձեռք ձգեց: Ալփերեն Շենկիւն (19 կէտ) եւ Ժապարի Սմիթ (16 կէտ եւ 12 ռիպաունտ) չկրցան առանց Քեւին Տիւրենթի անակնկալ ստեղծել:

 

Leave a Comment