Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց. «Ամերիկացի պատուիրակը Փաքիստան կ՛ուղղուի երեքշաբթի օր կայանալիք ժողովներու համար»:
«Իրան երէկ Հորմուզի մէջ որոշեց կրակ բանալ` բացայայտ կերպով խախտելով զինադադարը», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ այդ կրակոցները ուղղուած էին ֆրանսական նաւու եւ Բրիտանիայէն եկող բեռնատար նաւու վրայ:
«Իրան Հորմուզի նեղուցը փակելով անգիտակցաբար մեզի կ՛օգնէ, երբ զայն փակելով կորուստներ կրող կողմը ան է», յայտնեց Սպիտակ տան ղեկավարը:
«Իրան վերջերս յայտարարեց, որ կը փակէ նեղուցը. ի՛նչ տարօրինակ է, որովհետեւ մեր շրջափակումը արդէն փակած է զայն:
«Մենք կ՛առաջարկենք շատ արդար ու ողջամիտ գործարք, եւ ես յոյս ունիմ, որ անոնք զայն պիտի ընդունին, որովհետեւ եթէ չընեն, Միացեալ Նահանգները պիտի կործանեն Իրանի բոլոր ելեկտրակայաններն ու բոլոր կամուրջները:
«Անոնք արագ պիտի յանձնուին, դիւրութեամբ պիտի յանձնուին, եւ եթէ գործարքը չընդունին, ինծի համար պատիւ պիտի ըլլայ ընել այն, ինչ որ անհրաժեշտ է, ինչ որ պէտք է ընէին Միացեալ Նահանգներու միւս նախագահները վերջին 47 տարիներուն ընթացքին», գրեց Թրամփ:
Նշենք, որ Իրան շաբաթ օր յայտարարեց, որ ամերիկեան ծովային պաշարումին շարունակման պատճառով կը փակէ Հորմուզի նեղուցը:
ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մայք Ուալց ամերիկեան «Էյ.Պի.Սի.» կայանին յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ.Տի.Վանս պիտի գլխաւորէ Փաքիստանի մէջ Իրանի հետ բանակցութիւններու մասնակից ամերիկեան պատուիրակութիւնը:
Թրամփ, սակայն, պատկերասփիւռի կայանին նշեց. «Փոխնախագահ Ճէյ.Տի.Վանս ապահովական պատճառներով Փաքիստան պիտի չուղղուի»:
«Գաղտնի սպասարկութիւնը հանգիստ չէ Վանսի 24 ժամուան ընթացքին Փաքիստան երթալով», աւելցուց ան:
Սպիտակ տունը աւելի ուշ յայտնեց, որ Վանս պիտի գլխաւորէ ամերիկեան պատուիրակութիւնը:
Փաքիստանցի պաշտօնատարներ ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնած են, որ Իսլամապատի մէջ ապահովական միջոցառումները խստացուած են` առ ի պատրաստութիւն Ուաշինկթընի եւ Թեհրանի միջեւ հաւանական բանակցութիւններուն:
Փաքիստանցի պաշտօնատարները նշած են, որ յառաջիկայ օրերուն Ուաշինկթընի եւ Թեհրանի միջեւ բանակցութիւններու վերաբերեալ պատրաստութիւններ տեղի կ՛ունենան:
Պաշտօնատար մը ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ միջնորդները երկու կողմերուն միջեւ բանակցութիւններու նոր փուլ կայացնելու վերջին դասաւորումները կը կատարեն, եւ այդ ծիրին մէջ ամերիկեան ապահովական խումբեր Իսլամապատ կը գտնուին:
Փաքիստանեան կառավարական բարձրաստիճան աղբիւրներ փաքիստանեան «Ճէօ» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեցին. «Միացեալ Նահանգներ-Իրան բանակցութիւններու նոր փուլի թուական տակաւին չճշդուեցաւ»:
Իրանեան լաւատեղեակ աղբիւր մը շաբաթ օր իրանեան «Թասնիմ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Թեհրան մինչեւ հիմա Ուաշինկթընի հետ բանակցութիւններու երկրորդ փուլ գումարելու չէ համաձայնած:
Աղբիւրը նշած է, որ Թեհրանի կարծիքով` Ուաշինկթըն պատգամներու փոխանակման ընթացքին չափազանցուած պահանջներ ներկայացուցած է` աւելցնելով, որ այդպիսի պահանջներ չներկայացնելը բանակցութիւնները շարունակելու Իրանի պայմաններէն մէկը պիտի ապահովէ:
Իրանեան լաւատեղեակ աղբիւրը յայտնած է, որ Թեհրան չ՛ուզեր անօգուտ եւ մաշեցնող բանակցութիւններով իր ժամանակը վատնել` նշելով, որ փաքիստանցի միջնորդի ճամբով իր պայմանները փոխանցած է Ուաշինկթընին, ինչպէս նաեւ նոյն խողովակով ամերիկեան կողմին փոխանցած, թէ համաձայն չէ բանակցութիւններու երկրորդ փուլ կայացնելու:
Նախքան այդ, լաւատեղեակ իրանցի պաշտօնատարներ «Սի.Էն.Էն.»-ին յայտնած էին. «Երկուշաբթի օր Փաքիստանի մէջ բանակցութիւններու նոր փուլ մը կը նախատեսուի»:
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը նշեց. «Եթէ Իրան-Միացեալ Նահանգներ փոխըմբռնման յուշագիր ձեռք բերուի, 60 օրուան ընթացքին անոր համաձայնութիւն մը պիտի յաջորդէ»:
Թրամփի վարչակազմէն ալ բարձրաստիճան պաշտօնատար մը «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթին յայտնած էր. «Հաւանական է, որ Իրանի հետ բանակցութիւնները երկուշաբթի օր տեղի ունենան Փաքիստանի մէջ»:
Իսրայէլացի պաշտօնատարներ իսրայէլեան «Իսրայէլ Հայոմ» օրաթերթին յայտնեցին. «Կը թուի, թէ Իրանի հրթիռներու եւ գործակատար ուժերու աջակցութեան վերաբերեալ մեր ուզածը պիտի չստանանք»:
Վիեննայի մէջ միջազգային կազմակերպութիւններու մէջ Ռուսիոյ դեսպան Միխայիլ Ուլիանով նշեց. «Միացեալ Նահանգներ պատրաստ են իրանեան հարստացուած իւրանիոմը օտար դրամատուներու մէջ սառեցուած իրանեան հաշիւներով փոխանակելու»:
Ան ատիկա որակեց «անհաւատալի կերպով հոյակապ ու առատաձեռն գաղափար»:
Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարար Սայիտ Խաթիպզատէ յայտնեց, որ Իրանի իշխանութիւնները մտադիր չեն Ուաշինկթընին փոխանցել հարստացուած իւրանիոմ, հակառակ այդ առնչութեամբ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի պնդումներուն:
Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարարը նաեւ նշեց, որ Թեհրան պատրաստ չէ ամերիկացի պաշտօնատարներու հետ ուղղակի բանակցութիւններու նոր փուլ կայացնելու: Իսլամական Հանրապետութիւնը կը ձգտի իր աւարտին հասցնել «շրջագծային համաձայնագիրը», նախքան դէմ առ դէմ հանդիպում կատարելը:
Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիան յայտնեց. «Միացեալ Նահանգներու նախագահը կը յայտարարէ, թէ Իրան պէտք չէ օգտագործէ իր հիւլէական իրաւունքները, սակայն չի բացատրեր, թէ յատկապէս ինչո՛ւ: Եւ ընդհանրապէս, այս աշխարհի վրայ ո՞վ է ան, որ ժողովուրդը կը զրկէ իր օրինական իրաւունքներէն:
«Մարդկային սկզբունքներու տեսանկիւնէն, իւրաքանչիւր ազատ մարդ, անկախ կրօնէն, դաւանանքէն, ցեղէն եւ ազգային պատկանելիութենէն, պէտք է օգտուի իր անօտարելի իրաւունքներէն, եւ մենք նոյնպէս կը պահանջենք, որ միջազգային համակարգին մէջ բոլոր ժողովուրդներուն հետ վարուին արդարութեան եւ ազնուութեան հիման վրայ»:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան երէկ յայտարարեց, թէ Իրանն ու Միացեալ Նահանգները փափաք ունին պատերազմը աւարտելու համար բանակցութիւնները շարունակելու:
Ան Անթալիոյ մէջ դիւանագիտական համախմբումի աւարտին տրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին աւելցուց, որ հակառակ Ուաշինկթընի եւ Իրանի միջեւ բանակցութիւններու մեծ մասամբ ամբողջացման, տակաւին շարք մը տարակարծութիւններ գոյութիւն ունին:
Ֆիտան նշեց, որ զինադադարը այս շաբաթ պիտի աւարտի, եւ պէտք է զայն երկարաձգել: