Ֆիտան. «Զանգեզուրի Միջանցք»-ը Թուրքիոյ Համար Շատ Կարեւոր Երթուղի Է»

Անգարան յոյս ունի Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրի արագ ստորագրման: Այս մասին Անթալիոյ դիւանագիտական համախմբումէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան:

«Թուրքիան յոյս ունի Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրի արագ ստորագրման», նշած է թրքական դիւանագիտութեան պետը:

Ֆիտանի համաձայն, Ազրպէյճանի, Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորումը ունի տնտեսական օգուտներ:

«Մեր շրջանի դերը Միջին միջանցքի իրականացման գործին մէջ չափազանց կարեւոր է: Որովհետեւ Հարաւային Կովկասի մէջ կայունութիւնը կարեւորագոյն նշանակութիւն ունի այս միջանցքի անվտանգութեան համար: «Զանգեզուրի միջանցք»-ը Թուրքիոյ համար շատ կարեւոր երթուղի է: Մենք նաեւ այս հարցին շուրջ կը համագործակցինք Եւրոպական Միութեան հետ:

«Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրումը պիտի նպաստէ շրջանի բոլոր երկիրներու զարգացման: Մենք շատ մօտ ենք անոր հասնելուն», աւելցուցած է թուրք նախարարը:

Leave a Comment