Պարսելոնայի սպանացի յառաջապահ Լամին Եամալ կը ցանկայ, որ այս ամրան քաթալոնական ակումբը բարձր մակարդակի յառաջապահ ձեռք ձգէ: Ըստ կարգ մը աղբիւրներու, Եամալ Պարսելոնայի ղեկավարութեան տեղեկացուցած է, որ իր ակումբին մէջ կ՛ուզէ տեսնել Կալաթասարայի յառաջապահ Վիքթոր Օսիմենը:
Մինչեւ այս պահը յստակ չէ, թէ որքանո՛վ իրատեսական կրնայ ըլլալ նման փոխանցում մը: Նշենք, որ նիկերիացի յառաջապահը 2025-ին Իտալիոյ Նափոլիէն տեղափոխուած էր Կալաթասարայ 75 միլիոն եւրոյի փոխարէն: Անոր գործող պայմանագրութիւնը թրքական ակումբին հետ նախատեսուած է մինչեւ 2029-ի ամառ:
Այս տարեշրջանին Օսիմեն բոլոր մրցաշարքերուն Կալաթասարայի հետ կատարած է 29 մրցումներ` նշանակելով 19 կոլ եւ 7 էսիսթ:
Ըստ «Թրանսֆերմարքեթ»-ի, ֆութպոլիստի փոխանցման արժէքը կը գնահատուի 75 միլիոն եւրոյով: Պարսելոնայի այժմու յառաջապահ լեհ Ռոպերթ Լեվանտովսքի 2022-ին միացած էր խումբին եւ 128 մրցումներու ընթացքին 81 կոլ նշանակած է, բայց ան այժմ 37 տարեկան է, կը բոլորէ իր վերջին տարեշրջանը եւ պիտի լքէ Պարսելոնան:
Նոյն պահուն, Պարսելոնա կը մտածէ լաւ յառաջապահ մը ձեռք ձգել, բայց նիւթական հարցերու պատճառով կ՛ուզէ «ծախել» Ֆեռան Թորեան ու միջնապահ Մարք Քասատոն: Թէ ո՞վ կ՛ըլլայ այդ «փայլուն» յառաջապահը, տակաւին յստակ չէ: