Պրազիլի ազգային խումբի եւ անգլիական Լիվըրփուլ ակումբի բերդապահ Ալիսոն Պեքեր համաձայնած է Իտալիոյ Եուվենթուսին միանալու:
Ըստ «Լա Կացեթա Տելլօ Սփորթ»-ի, դրական բանակցութիւններ տեղի ունեցած են Թորինօ քաղաքի ակումբին եւ Ալիսոնի ներկայացուցիչներուն հետ: Իտալական ակումբի պատասխանատուներ յոյսով են, որ գործարքը յաջողութեամբ աւարտի, մանաւանդ որ ակումբը լրջօրէն կ՛ուզէ փոխարինել այժմու բերդապահ Միքելէ Տի Կրեկորիոն:
Բացի այս կէտէն, կ՛ակնկալուի, որ Ալիսոնի փորձառութիւնն ու վարպետութիւնը կ՛օգնեն խումբին յաջորդ տարեշրջանին աւելի ինքնավստահ պայքարելու ախոյեանութեան տիտղոսին համար:
Նոյն պահուն, Եուվենթուս մօտէն կը հետեւի Մանչեսթըր Սիթիի միջնապահ Պեռնարտօ Սիլվայի եւ Պարսելոնայի յառաջապահ Ռոպերթ Լեվանտովսքիի շուրջ ստեղծուած իրավիճակին, մանաւանդ որ անոնց պայմանագրութիւնները պիտի աւարտին այս ամառ:
Նշենք, որ այս տարեշրջանին Պեքեր Լիվըրփուլի հետ 34 ելոյթ կատարած է եւ ստացած 36 կոլ, մինչ 13 մրցումներու ան կրցած է անառիկ պահել բերդը: «Թրանսֆերմարքեթ»-ի գնահատումով, 33 տարեկան բերդապահի փոխանցման արժէքը այժմ 17 միլիոն եւրօ է: