Պերլինի Ունիոն ակումբը գլխաւոր մարզիչի ժամանակաւոր պաշտօնակատար նշանակեց 34 տարեկան Մարի Լուիզ Էթան, մինչեւ 2025-2026 տարեշրջանի աւարտը:
Այս նշանակումով ան դարձաւ «Պունտըսլիկա»-ի պատմութեան առաջին կին գլխաւոր մարզիչը` անկախ պաշտօնակատարի կարգավիճակով:
Այս դիրքին վրայ էթա փոխարինեց 54 տարեկան Շթեֆեն Պաումկարթին, որ խումբը ստանձնած էր անցեալ յունուարին: Ունիոն Պերլին 11-րդ դիրքը կը գրաւէ ախոյեանութեան աւարտէն 5 հանգրուան առաջ, բայց ակումբը նախընտրած էր այժմէն փոխարինել Պաումկարթը եւ իր մարզական խմբակը:
Նշենք, որ մինչեւ գլխաւոր ակումբի ղեկը ստանձնելը, Մարի Լուիզ Էթա կը մարզէր Ունիոնի 19 տարեկանէն վար երիտասարդներու խումբը:
«Նկատի առնելով, որ ախոյեանութեան վարի մասի դիրքերը կը գրաւենք, կէտերու մօտ ըլլալը բնաւ մեր դիրքը ապահով եւ երաշխաւորուած չի դարձներ: Ես ուրախ եմ, որ ակումբը ինծի վստահեցաւ այս բարդ պաշտօնը», ըսաւ նոր նշանակուած մարզիչ Էթան:
Այժմ Պերլինի կազմը 32 կէտեր ձեռք ձգած է իր կատարած 29 մրցումներէն ետք: Անոր առաջին ելոյթը պիտի ըլլայ շաբաթ օր, երբ Ունիոն Պերլինի մէջ պիտի հիւրընկալէ Վոլֆսպուրկը:
2023-ին ան օգնական մարզիչն էր Մարքօ Կրոթէի, եւ դարձած էր իգական սեռի պատկանող առաջին օգնական մարզիչը` «Պունտըսլիկա»-ի պատմութեան մէջ, որ մասնակցեցաւ «Չեմփիընզ լիկ»-ին:
2024-ին ան դարձած էր առաջինը, որ «Պունտըսլիկա»-ի խումբ կը ղեկավարէր, երբ օրուան մարզիչ Նենատ Պիելիչա 3 մրցումով կախակայուած էր: Ինչպէս նշեցինք, Պաումկարթին փոխարինելով ան եղաւ իգական սեռի առաջին մարզիչը Եւրոպայի լաւագոյն 5 լիկաներու պատմութեան մէջ: