Պրազիլցի պատմական յառաջապահ Ռոնալտօ կասկած չունի, որ 2026-ի Մոնտիալին կրնայ շահիլ Պրազիլը:
«Մենք ունինք Վինիսիուս Ժունիորը` Ռէալ Մատրիտի մէջ, Ռաֆինան` Պարսելոնայի մէջ եւ Էսթեվաօ-ն` Չելսիի հետ: Անոնք բոլորն ալ հիանալի ֆութպոլիստներ են, որոնք եւրոպական բարձրակարգ ակումբներու հետ են եւ լուրջ փորձառութիւն ձեռք ձգած»:
«Կը կարծեմ, որ մենք յաջողութեան հիանալի կարելիութիւն ունինք: Ես իսկապէս կը հաւատամ Քարլօ Անչելոթթիի աշխատանքին, որ ֆութպոլի պատմութեան մեծագոյն եւ ամէնէն յաջող մարզիչներէն մէկն է: Այո՛, ես կը հաւատամ մեր ախոյեան դառնալու յոյսերուն: Մեր կարելիութիւնները շատ աւելի մեծ են, քան միւս ազգային խումբերը` 95 տոկոսով», ըսաւ Ռոնալտօ:
Նշենք, որ 2026-ի Մոնտիալը տեղի կ՛ունենայ 11 յունիսէն մինչեւ 19 յուլիս: Պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով Մոնտիալը կը հիւրընկալեն երեք երկիրներ` Միացեալ Նահանգներ, Քանատա եւ Մեքսիքա:
Վիճակաձգութիւններու արդիւնքներուն հիմամբ, Պրազիլի ազգային խումբը մաս պիտի կազմէ Գ. խմբակին, ուր պիտի մրցի Մարոքի, Սկովտիոյ եւ Հայիթիի ազգային խումբերուն դէմ: