Տիեկօ Մարատոնայի Մահուան Գծով Նոր Դատավարութիւն Սկսած Է

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Արժանթինի մէջ սկսած է արժանթինցի պատմական ֆութպոլիստ Տիեկօ Արմանտօ Մարատոնայի մահուան հանգամանքները քննող նոր դատավարութիւն:

1986-ին աշխարհի ախոյեան Արժանթինի խմբապետի բժշկական անձնակազմին եօթը անդամներուն առաջադրուած է անզգուշութեամբ մահ պատճառելու մեղադրանք: Այս նոր դատը կը յաջորդէ մօտ 1 տարի առաջ տապալուած նախկին դատաքննութեան:

Նոր դատավարութեան ընթացքին, որուն նպատակն է պարզել բժիշկներու հաւանական անփութութեան աստիճանը, նախատեսուած է լսել շուրջ 100 վկաներու ցուցմունք: Սակայն մեղադրեալները կտրականապէս կը հերքեն իրենց ուղղուած բոլոր մեղադրանքները:

Նախորդ դատավարութիւնը, որ սկսած էր անցեալ տարուան մարտին, ընդհատուած էր ընդամէնը երկու ամիս ետք, երբ դատաւորներէն մէկը հրաժարած էր: Այն ժամանակ դատարանին ներկայացուած էին բազմաթիւ ապացոյցներ, որոնց կարգին` նկարներ եւ տեսանիւթեր, իսկ իբրեւ վկայ իրենց վկայութիւնը տուած էին Մարատոնայի զաւակներն ու անոր նախկին կինը` Քլաուտիա Վիլիաֆանիէ:

Մեղադրող կողմը կը պնդէ, որ բժիշկներն ու հիւանդապահները կոպիտ ձեւով խախտած են բուժումի արձանագրութիւնները, իսկ այն տունը, ուր Մարատոնա կ՛ապաքինէր, վերածուած էր տարրական խնամքէ զուրկ` «սարսափի թատրոն»-ի: Պաշտպանող կողմն ալ հակադարձելով մեղադրանքներուն կը պնդէր, որ Մարատոնայի մահը անխուսափելի էր` անոր ունեցած առողջական լուրջ եւ անբուժելի հիւանդութիւններուն պատճառով:

Բժշկական անձնակազմին նկատմամբ սկսած էր մեծ հետապնդում 2021-էն, երբ բժշկական յանձնախումբի եզրակացութեամբ նոր փաստեր գտնուած էին: Ըստ այդ եզրակացութեան, բժիշկները ոչ պատշաճ, ոչ կարող եւ անխոհեմ գործած են: Եթէ դատարանը մեղաւոր գտնէ մեղադրեալները, անոնց կը սպառնայ 8-էն 25 տարուան բանտարկութիւն:

Յիշեցնենք, որ Մարատոնա 25 նոյեմբեր 2020-ին մասնակցած էր 60 տարեկան հասակին: Ողբերգական մահուան պատճառը սրտի անակնկալ կանգ առնելն էր, որ տեղի ունեցած էր անոր ուղեղի վերաբուժութենէն ետք ապաքինման շրջանին:

 

 

Leave a Comment