ՖԻՖԱ կրնայ մոնտիալէն առաջ զտումի հանգրուան մը կազմակերպել, եթէ Իրանի ազգային խումբը հրաժարի իր մասնակցութենէն:
Ապրիլի սկիզբը, ֆրանսական «Էր. Էմ. Սէ. Սփոր»-ը եւ անգլիական «Տի Աթլեթիք»-ը յայտնած էին, թէ ՖԻՖԱ-ն, ըստ իր կանոնագիրի 6-րդ յօդուածին, կրնայ զտումի հանգրուան մը աւելցնել, եթէ մասնակից 48 խումբերէն որեւէ մէկը հրաժարի մասնակցելէ:
Այս պարագային, եթէ Իրան չմասնակցի, առաւելութիւն պիտի ունենան Իտալիան եւ Դանիան Եւրոպայէն, ինչպէս նաեւ 2 այլ խումբեր` Ասիոյ ֆետերասիոնին մաս կազմող: Այս խումբերը փլէյ-օֆ պիտի խաղան` փոխարինելու Իրանը, որ մաս կը կազմէ Է. խմբակին` Պելճիքայի, Եգիպտոսի եւ Նոր Զելանտայի կողքին… անշուշտ եթէ Իրան չմասնակցի:
ՖԻՖԱ-ն վերջին առիթ տուած է Իրանին մինչեւ 30 ապրիլը յայտնելու իր վերջին որոշումը:
Նախապէս Իրանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը առաջարկած էր իր մրցումները փոխադրել Մեքսիքա, Միացեալ Նահանգներու փոխարէն, բայց ՖԻՖԱ մերժած էր այդ մէկը, մինչ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Իրանի մարզիկներու ապահովութիւնը չէր երաշխաւորած Միացեալ Նահանգներու մէջ: