Մարզական Կարճ Լուրեր

. ԱՆԳԼԻՈՅ «Փրեմիեր լիկ»-ի 31-րդ հանգրուանին, պարագլուխի դիրքը գրաւող Արսենալ իր դաշտին վրայ 2-1 արդիւնքով պարտութիւն կրեց 11-րդ դիրքը գրաւող Պորնմաութէն եւ իր 9 կէտերու առաւելութիւնը կորսնցուց: Մանչեսթըր Սիթի կը գտնուի անոր շատ մօտ եւ 6 կէտերու նուազեցուց առաւելութիւնը:

Յաջորդ ճակատումը Մանչեսթըրի դէմ (19 ապրիլին) վճռական կրնայ ըլլալ, մանաւանդ որ Արսենալ մէկ մրցում աւելի կատարած է:

. ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ մէջ, Պայերն Միւնիխ գրեթէ ապահովեց իր 35-րդ «Պունտըսլիկա»-ի տիտղոսը, եւ այժմ կը պայքարի իր վերջին 5 մրցումներուն այլ մրցանիշներու համար: Արդարեւ, իր վերջին մրցումին յաղթելէ ետք Համպուրկ քաղաքի Զանեթ Փաուլի խումբին դէմ, Պայերն 105-րդ կոլին հասաւ 29 մրցումներու ընթացքին` բարելաւելով 1971-1972 տարեշրջանի նոյն ակումբի նախկին մրցանիշը (101 կոլ):

. ԻՏԱԼԻՈՅ մէջ, Ինթեր Միլան 9 կէտով հեռացաւ Նափոլիէն, մանաւանդ որ Ինթեր Միլան կրցաւ Քոմոյի դաշտին վրայ յաղթել 4-3 արդիւնքով, 2-0 արդիւնքով ետ մնալէ ետք, իսկ Նափոլի 1-1 արդիւնքով հարստութեամբ հեռացաւ Փարմայի դաշտէն:

. ՍՊԱՆԻՈՅ մէջ ալ Պարսելոնա 9 կէտերու առաւելութիւն ունեցաւ Ռէալ Մատրիտի վրայ, մանաւանդ որ Ռէալ յաջորդաբար 2-րդ մրցումին չկրցաւ յաղթել «Լա լիկա»-ի մրցումներուն: Մայորքայի դաշտին վրայ պարտուելէ ետք, Ռէալ 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն արձանագրեց Ժիրոնայի հետ, մինչ Պարսելոնա իր քաղաքի տերպիի մրցումին 4-1 արդիւնքով յաղթեց Էսփանիոլին` 31-րդ հանգրուանին:

. ՖՐԱՆՍԱՅԻ մէջ, «Լիկ 1»-ի պարագլուխի դիրքին վրայ մնաց Սեն Ժերմեն, որ կը «վայելէ» ֆետերասիոնին աջակցութիւնը` խումբին օգնելով հանգիստ մնալ, «Չեմփիընզ լիկ»-ի մրցումներուն աւելի պատրաստ ըլլալու համար:

. ՄԱՏՐԻՏԻ Ռէալ ակումբը լրջօրէն կը մտածէ ձեռք ձգել Չելսիի արժանթինցի միջնապահ Էնցօ Ֆեռնանտեսը: Ըստ ֆրանսական «Լ՛էքիփ» կայքին, Ռէալ Մատրիտ կրնայ Ֆեռնանտեսի փոխանցման մէջ ներառել ֆրանսացի Էտուարտօ Քամավինկան:

. ԻՏԱԼԻՈՅ ազգային խումբի ժամանակաւոր մարզիչ նշանակուեցաւ երիտասարդներու ազգային խումբի մարզիչ Սիլվիօ Պալտինին` առնուազն յունիսի բարեկամական մրցումներուն համար` Լիւքսամպուրկի եւ Յունաստանի դէմ:

. ԻՆԹԵՐ Միլանի կեդրոնի յետսապահ Ալեսանտրօ Պասթոնի ըստ երեւոյթին որոշած է մնալ իտալական ակումբին հետ` Պարսելոնա փոխադրուելու նախկին լուրերը հերքելով:

. ՊՐԱԶԻԼՑԻ աստղ Նէյմար ըստ երեւոյթին այս ամրան պիտի լքէ Սանթոսը եւ միանայ Էմ. Էլ. Էս.-ի Սինսինաթթիին:

. ՊԱՐՍԵԼՈՆԱ ըստ երեւոյթին որոշած է այս տարեշրջանի աւարտին երկու մարզիկներէ բաժնուիլ` զուտ շահ ստանալու եւ իր աշխատավարձերու բարձր գումարները նուազեցնելու համար: Այդ մարզիկներն են` Մարք Քասատօ եւ յառաջապահ Ֆեռան Թորես: Պարսելոնա ամէն գնով կ՛ուզէ ձեռք բերել Աթլեթիքօ Մատրիտի յառաջապահ Խուլիան Ալվարեսը եւ ամէն ձեւի պիտի դիմէ ձեռք ձգելու արժանթինցի կոլ սքորըրը:

. ԼԻՎԸՐՓՈՒԼ պաշտօնապէս հաստատեց, որ Էնտրու Ռոպըրթսըն այս տարեշրջանէն ետք պիտի լքէ ակումբը: Սկովտիացի մարզիկը 9 տարեշրջաններ ետք պիտի լքէ Լիվըրփուլը Մոհամետ Սալահի հետ:

. ՖՐԱՆՍԱՅԻ ազգային խումբի այժմու մարզիչ Տիտիէ Տեշան ըստ երեւոյթին պիտի դառնայ Ռէալ Մատրիտի յաջորդ` գլխաւոր մարզիչը, յառաջիկայ եղանակին: 57 տարեկան Տեշան Մոնտիալէն ետք պիտի լքէ Ֆրանսայի ազգային խումբը` իր դիրքը յանձնելով Զինետին Զիտանի:

Leave a Comment