Այրըմ. «Եթէ Երեւանը Եւ Պաքուն Հասնին Խաղաղութեան, Թուրքիա – Հայաստան Սահմանները Պիտի Բացուին»

«Եթէ Ազրպէյճանն ու Հայաստանը հասնին խաղաղութեան եւ երկարաժամկէտ կարգաւորման, Թուրքիա-Հայաստան սահմանները պիտի բացուին»: ԱՓԱ լրատու գործակալութեան հաղորդումով` այս մասին յայտնած է Թուրքիա-Ազրպէյճան միջխորհրդարանական բարեկամութեան խումբի ղեկավար Շամիլ Այրըմ, որ Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ կը մասնակցէր Ազրպէյճանի, Թուրքիոյ եւ այսպէս կոչուած Հիւսիսային Կիպրոսի թրքական հանրապետութեան խորհրդարաններու աշխատանքային խումբերու միացեալ նիստին:

Leave a Comment