Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Սպիտակ տան մէջ ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Մարք Ռիւթէի հետ իր հանդիպումէն ետք յայտարարեց. «ՕԹԱՆ-ը ներկայ չէր, երբ անոր կարիքը ունէինք եւ ներկայ պիտի չըլլայ, եթէ անոր անգամ մը եւս կարիք ունենանք»:
«Յիշեցէ՛ք Կրինլանտը, այդ սառցակոյտը, որ վատ կերպով կը կառավարուի», ըսաւ ան:
Միւս կողմէ, ՕԹԱՆ-էն պաշտօնատար մը «Պլումպըրկ»-ին յայտնեց, որ Ուաշինկթըն կը ջանայ Հորմուզի նեղուցի ապահովման համար իր եւրոպացի դաշնակիցներէն օգնութիւն ապահովել:
Լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներ եւրոպական պետութիւններուն կոչ ուղղած են քանի մը օրէն նեղուցի ճամբով նաւարկումի շարունակման երաշխաւորման համար շօշափելի ծրագիրներ ներկայացնելու:
Գերմանական «Տեր Շփիկըլ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Թրամփ Եւրոպայի դաշնակիցներուն Հորմուզի նեղուցին մէջ զինուորական շօշափելի աջակցութիւն ցուցաբերելու համար պայմանաժամ ճշդած է:
ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղարը Թրամփի հետ իր հանդիպումէն ետք «Սի.Էն.Էն.»-ի յայտնեց. «Թրամփ հիասթափուած է ՕԹԱՆ-ի շարք մը դաշնակիցներէն` Իրանի դէմ պատերազմին չաջակցելնուն համար»:
«Եւրոպայի մէկ մեծ բաժինը Իրանի քաոսի արտածման կարողութեան վերջ տալու հարցին մէջ Թրամփին կը զօրակցի», ըսաւ ան: