Այսօր Փաքիստանի մայրաքաղաք Իսլամապատի մէջ տեղի պիտի ունենան Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ բանակցութիւններ: Փաքիստանեան իշխանութիւնները բանակցութիւններուն նախօրեակին երկօրեայ արձակուրդ յայտարարեցին:
Փաքիստանցի դիւանագէտ մը «Ժազիրա» պատկերասփիւռի արբանեակային կայանին յայտնեց. «Բանակցութիւններու առաջին փուլը բանակցութեան նիւթերու ճշդման եւ դասաւորման համար պիտի ըլլայ»:
Փաքիստանի մէջ Իրանի դեսպան Ռիտա Ամիրի երէկ յայտարարեց. «Իրանեան պատուիրակութեան անդամները այս գիշեր Իսլամապատ կը հասնին 10 կէտերուն վրայ հիմնուած բանակցութիւններ կատարելու համար»:
Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարարը «Պի.Պի.Սի.»-ին յայտնեց, որ Իրանի խորհրդարանի նախագահ Մոհամետ Պաքեր Քալիպաֆ պիտի գլխաւորէ բանակցութեան մասնակից իրանեան պատուիրակութիւնը:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Իսմայիլ Պաղայի յայտնեց, որ Իրանի պատուիրակութիւնը Իսլամապատ պիտի մեկնի, սակայն բանակցութիւններուն պիտի մասնակցի միայն այն պարագային, երբ Իսրայէլ Լիբանանի վրայ իր բոլոր յարձակումները դադրեցնէ:
Նշենք, որ Իրանի խորհրդարանի նախագահ Քալիպաֆ ուրբաթ գիշեր յայտնեց. «Իրանեան առաջարկէն երեք կէտեր խախտուեցան, եւ այս պայմաններուն մէջ երկկողմանի զինադադար կամ բանակցութիւններ անտրամաբանական են»:
Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիան իր կարգին երէկ նշեց, որ Լիբանանի վրայ իսրայէլեան յարձակումներու շարունակութիւնը բանակցութիւնները պիտի դարձնէ անիմաստ: Իրան երբեք իր լիբանանցի եղբայրներն ու քոյրերը պիտի չլքէ»:
«Լիբանանի վրայ իրերայաջորդ սիոնական յարձակումները զինադադարի նախնական համաձայնութեան բացայայտ խախտում են եւ խաբէութեան ու հաւանական համաձայնութիւններու յանձնառու չըլլալու վտանգաւոր ցուցանիշ են», նշեց Փեզեշքիան:
Միացեալ Նահանգներու պատուիրակութեան մաս կը կազմեն փոխնախագահ Ճէյ. Տի Վանսը եւ պատուիրակներ Սթիւ Ուիթքոֆն ու Ճարետ Քուշները:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց. «Բոլոր նաւերը, օդանաւերն ու ամերիկացի զինուորները Իրանի շուրջ իրենց դիրքերուն վրայ պիտի մնան»:
«Եթէ համաձայնութեան ամբողջական յանձնառութիւն տեղի չունենայ, եւ ատիկա քիչ հաւանական է, կրակոցը աւելի մեծ եւ հզօր տարողութեամբ պիտի սկսի», ըսաւ ան:
«Երկար սպասելէ ետք համաձայնութիւն գոյացաւ (Իրանի) հիւլէական զէնք չունենալուն եւ Հորմուզի նեղուցը բաց ու անվտանգ պահելու շուրջ», յայտնեց Սպիտակ տան ղեկավարը:
«Մեր հզօր զինուորական ուժերը կը հաւաքեն իրենց սպառազինութիւնը եւ կը հանգստանան` անհամբեր սպասելով իրենց յաջորդ յաղթանակին», ըսաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահը:
«Այն, ինչ որ «Նիւ Եորք Թայմզ»-ն ու «Սի.Էն.Էն.»-ը հրապարակեց Իրանի հետ բանակցութիւններուն վերաբերեալ տասը կէտերու ծրագիրին մասին, ամբողջական կեղծիք է», նշեց Թրամփ:
«Նիւ Եորք Թայմզ»-ի եւ «Սի.Էն.Էն.»-ի կողմէ տասը կէտերու ծրագիրին հրապարակման նպատակը խաղաղութեան հոլովոյթին ներգրաւուածները վարկաբեկելն է», աւելցուց ան:
Ամերիկացի պաշտօնատարներ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթին յայտնեցին. «Իրանի մէջ կռիւի վերականգնումը չենք բացառեր»:
«Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը, վկայակոչելով նաւարկումի տուեալներ, գրեց. «Հորմուզի նեղուցը մեծ մասամբ փակ է»:
Սպիտակ տունը յայտարարեց. «Իրանի կողմէ հրապարակուած զինադադարի ծրագիրը Ուաշինկթընի հաւանութիւն տուածէն տարբեր է»:
Աղբիւր մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց. «Իսրայէլ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմին վրայ ճնշում բանեցուց, որպէսզի Իրանի հետ համաձայնութիւն չգոյանայ»:
Իսրայէլացի պաշտօնատար մը լրատու գործակալութեան ըսաւ. «Ուաշինկթըն Թել Աւիւի հետ համակարգում կատարեց` վստահեցնելով, որ զինադադարը պատերազմին վերջ տալու կամ Իրանի փոխհատուցման յանձնառութիւն չի պարունակեր, եւ ինք որեւէ բանակցութեան մէջ պիտի պնդէ, որ Իրան իր հիւլէական ներուժը յանձնէ եւ դադրի իւրանիոմ հարստացնելէ»:
«Ուաշինկթըն պիտի պնդէ, որ Իրան վերացնէ իր հեռահար հրթիռներու ծրագիրի ներկայացուցած սպառնալիքը», աւելցուց պաշտօնատարը:
Ապահովական աղբիւր մը իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանին յայտնեց. «Իրանի մէջ պատերազմի նպատակները չիրագործեցինք, եւ չվերացաւ հիւլէական սպառնալիքի վտանգը, որուն համար պատերազմը սկսանք»: