«Ոսկի գնդակ»-ը շահած Ուսման Տեմպելէ ձախող ելոյթ մը ունեցաւ, բայց Քվիչա Քվարացխելիա սոլօ կոլ մը աւելցուց իր հաւաքածոյին վրայ, եւ Փարիզ Սեն Ժերմեն 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Լիվըրփուլը` «Չեմփիընզ լիկ»-ի քառորդ աւարտականի երթի իր մրցումին:
Վրացի ձախ ծայրի յառաջապահը Բ. կիսախաղի կէսերուն քանի մը մարզիկ խաբելէ ետք խաբեց նաեւ Լիվըրփուլի բերդապահը եւ նշանակեց իր 8-րդ կոլը այս տարուան մրցաշարքին:
Տեզիրէ Տուէ 11-րդ վայրկեանին բացած էր մրցումին հաշիւը` յառաջ տանելով անցեալ տարուան ախոյեան Փարիզը, մինչ Տեմպելէ առնուազն 3 կոլերու առիթ կորսնցուց:
Ըստ մարզիչ Լուիս Էնրիքէի, Փարիզ Սեն Ժերմեն շատ աւելի կոլեր պէտք է նշանակէր: «Առաջին անգամ ըլլալով Առնէ Սլոթի Լիվըրփուլ 5 յետսապահներով խաղցաւ այս տարեշրջանին», ըսաւ զարմացած Էնրիքէ, որ միեւնոյն ժամանակ յայտնեց, որ զգուշ պէտք է ըլլալ երեքշաբթի օրուան «Էնֆիլտ»-ի մրցումին (դարձին):
Լիվըրփուլ, որ այս տարեշրջանին իր միակ յոյսը կապած է այս մրցաշարքին, 2019-ի «Չեմփիընզ լիկ»-ի կիսաւարտականին 3-0 արդիւնքով պարտուելէ ետք (երթին) կրցած էր «Էնֆիլտ»-ի մէջ 4-0 արդիւնքով յաղթել եւ դուրս ձգել Պարսելոնան:
Պարսելոնա, որ 11 տարուան սպասումէն ետք յոյսերը կապած էր «Չեմփիընզ լիկ»-ի 6-րդ տիտղոսի մը, անակնկալ պարտութիւն մը կրեց 2-0 արդիւնքով` «Քամփ Նու»-ի մէջ:
Արդարեւ, Տիեկօ Սիմէոնէի Աթլեթիքօ Մատրիտը, որ քանի մը օր առաջ 2-1 արդիւնքով պարտուած էր Պարսելոնայէն «Մեթրոփոլիթանօ» դաշտին վրայ, կրցաւ յաջողցնել իր խաղաոճը` դիմադրելով Պարսելոնայի յարձակումներուն:
44-րդ վայրկեանին անակնկալ հակայարձակումի մը վրայ, Փաու Քուպարսի ստիպուեցաւ կասեցնել Ճիուլիանօ Սիմէոնէի առանձին վազքը դէպի Պարսելոնայի բերդ: Իրաւարարը նախ Քուպարսիին դեղին քարտ ցոյց տուաւ, բայց ստուգելէ ետք ՎԱՐ-ի վերստուգման պաստառին վրայ, քարտը կարմիրի վերածուեցաւ: Հարցը այն է, որ նոյն ֆաուլին Աթլեթիքօ բացաւ մրցումին հաշիւը` Խուլիան Ալվարեսի անզսպելի ազատ հարուածով:
Բ. կիսախաղին, Պարսելոնա 10 մարզիկներով փորձեց փոխադարձել Լամին Եամալի եւ Մարքուս Ռաշֆորտի միջոցով, բայց պայքարը ապարդիւն մնաց, մանաւանդ որ 70-րդ վայրկեանին Սորլոթ նշանակեց Աթլեթիքոյի երկրորդ կոլը: