«Չեմփիընզ լիկ»-ի քառորդ աւարտականի հանգրուանի առաջին օրուան մրցումներուն, Ռէալ Մատրիտ, «Սանթիակօ Պեռնապէօ» մարզադաշտին վրայ կը հիւրընկալէր Պայերն Միւնիխը:
1976, 1987, 1988, 2000, 2001, 2002, 2004, 2007, 2012, 2014, 2017, 2018 եւ 2024-ի ճակատումներէն ետք «Չեմփիընզ լիկ»-ի 2026-ի ճակատումի երթի մրցումը աւարտեցաւ Պայերնի յաղթանակով` 1 մայիս 2001-էն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով:
Պայերն Միւնիխ մրցումի առաջին կիսախաղէն կրնար ապահովել կիսաւարտականի իր տոմսը, սակայն մեծ թիւով առիթներ կորսնցուց, բան մը, որ կրնայ շատ «սուղ»-ի նայիլ յառաջիկայ չորեքշաբթի օրուան դարձի մրցումէն ետք:
Լուիս Տիաս 41-րդ վայրկեանին հակայարձակումէ մը ետք նշանակեց Պայերնի առաջին կոլը` Սերժ Կնապրիի փոխանցումէն ետք:
Բ. կիսախաղը հազիւ սկսած, ֆրանսացի Մայքըլ Օլիսէ, որ նետերլանտցի Արիեն Ռոպենի ոճով աջ ծայրի յառաջապահ է, գեղեցիկ փոխանցում մը կատարեց Հերի Քէյնին, որ գնդակը զետեղեց Ռէալ Մատրիտի բերդին մէջ:
Մինչեւ 60-րդ վայրկեան տիրապետելէ ետք, Ռէալ Մատրիտ հետզհետէ սկսաւ տիրապետել, մանաւանդ որ Պայերն աւելի հանդարտեցուց խաղը, եւ Ճուտ Պելինկհեմի դաշտ ներկայանալը բաւական փոխեց մրցումին ընթացքը:
Քիլիան Էմպափփէ նշանակեց Ռէալ Մատրիտի կոլը 74-րդ վայրկեանին, որմէ ետք մրցումին մակարդակը բարձրացաւ, բայց մէկ կողմէ Պայերնի բերդապահ Մանուէլ Նոյըրի բարձր մակարդակը, միւս կողմէ Ռէալի ոչ շատ կազմակերպուած խաղաոճը չփոխեցին արդիւնքը, հակառակ վերջին երկվայրկեանին Պայերնի փենալթիի պահանջին: Օլիսէ, որ շատ բարձր մակարդակի ելոյթ ունեցաւ, գետին բերուեցաւ Ռէալի յետսապահ Քարերասի կողմէ, բայց անգլիացի իրաւարարը փենալթիի յարմար չնկատեց դէպքը:
Օրուան միւս մրցումին, Արսենալ 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Սփորթինկ Լիզպոնը` Փորթուգալի մէջ:
Մրցումին միակ կոլը նշանակեց Քայ Հավերթց 91-րդ վայրկեանին Կապրիէլ Մարթինելլիի փոխանցումէն ետք: Սպանացի բերդապահ Տաւիտ Ռայա շատ լաւ ելոյթ ունենալով փրկեց Արսենալը զանազան առիթներով: