Անցեալ շաբաթ 2026-ի Մոնտիալէն վերջնականապէս դուրս մնաց Իտալիա` յաջորդական 3-րդ Մոնտիալէն բացակայելով:
23-րդ Մոնտիալին, որ տեղի պիտի ունենայ 11 յունիսէն 19 յուլիս, մասնակից խումբերուն թիւը բարձրացած է 48-ի, բայց Իտալիա չկրցաւ հասնիլ իսկ:
Մեքսիքա 3-րդ անգամ ըլլալով պիտի հիւրընկալէ Մոնտիալը 1970-էն եւ 1986-էն ետք, մինչ Միացեալ Նահանգներու 2-րդ անգամն է 1994-ի Մոնտիալէն ետք: Քանատայի համար առաջին փորձը պիտի ըլլայ` միասնաբար հիւրընկալելով Մոնտիալը:
Իտալիա, որ 1930-ին չէր մասնակցած, 1934-ին եւ 1938-ին շահած էր 2-րդ եւ 3-րդ Մոնտիալները, ապա 1950-ին եւ 1954-ին դուրս մնալէ ետք առաջին հանգրուանէն, 1958-ին ձախողած էր հասնիլ առաջին անգամ ըլլալով:
Իտալիա 1962-ի եւ 1966-ի Մոնտիալներուն առաջին հանգրուանէն դուրս մնալէ ետք, 1970-ին աւարտականին հասած եւ պարտուած էր Փելէի Պրազիլէն: 1974-ին անգամ մը եւս Իտալիա առաջին հանգրուանէն դուրս մնացած էր եւ 1978-ին 4-րդ դիրքը գրաւած: 1982-ին, երբ Մոնտիալին մասնակից խումբերուն թիւը բարձրացաւ 24-ի (16-էն ետք), Իտալիա շահեցաւ իր պատմութեան 3-րդ մոնտիալը:
1986-ին Բ. հանգրուան հասնելէ ետք, Իտալիա 1990-ին իր դաշտին վրայ գրաւեց 3-րդ դիրքը եւ 1994-ին անգամ մը եւս աւարտականին իր դէմ ունէր Պրազիլը, որ փենալթիներով յաղթեց:
1998-ին մասնակից խումբերուն թիւը բարձրացաւ 32-ի, եւ Իտալիա հասաւ քառորդ աւարտական: 2002-ին Բ. հանգրուան հասնելէ ետք 2006-ին Իտալիա դարձաւ աշխարհի ախոյեան` Գերմանիոյ մէջ, շահելով իր 4-րդ եւ վերջին Մոնտիալը, որմէ ետք 2010-ին եւ 2014-ին առաջին հանգրուանէն դուրս մնաց, մինչ 2018-ի եւ 2022-ի ձախողութիւններէն ետք 2026-ին ալ ձախողեցաւ հասնիլ:
Հին մասնագէտ մարզիչներ Արիկօ Սաքի եւ Ֆապիօ Քափելլօ տարիներէ ի վեր կը փորձէին իրենց ձայները հասցնել` յայտնելով, որ Իտալիոյ մէջ ֆութպոլը շատ նահանջ արձանագրած է, բայց միայն շաբաթ մը առաջ ըստ երեւոյթին զգալի դարձաւ անոնց մտահոգութիւնը:
Իտալացի նախկին պատմական յետսապահ Փաուլօ Մալտինի վերջերս խօսած էր Իտալիոյ ձախողութեան մասին: «Երբ կը հագնիս Իտալիոյ ազգային խումբին շապիկը, հպարտութիւն եւ պատմական պատասխանատուութիւն պէտք է զգաս: Ասիկա պարզ ազգային խումբ չէ, ասիկա ֆութպոլի պատմութեան մեծագոյն հաւաքականներէն մէկն է:
Մէկ Մոնտիալէն բացակայիլը տագնապի ազդանշան է, երկու բացակայութիւնը` ճգնաժամ, իսկ երեք անգամը` լիակատար ձախողութիւն: Իմ օրերուս տաղանդը կը գնահատուէր, բայց նկարագիրը եւ մտային պատրաստութիւնը առաջին դիրքի վրայ էին: Կարգապահութիւնը, անձնազոհութիւնը, յարգանքը` զինանշանին նկատմամբ, անխախտ կանոն էին:
«Այսօր ես չեմ տեսնէր յաղթելու ձգտումի նախկին մակարդակը: Չեմ տեսներ ֆութպոլիստներ, որոնք պատրաստ են իրենց բոլոր ուժերը նուիրել յանուն հաւաքականի մարզաշապիկին: Պոսնիայէն կրած պարտութիւնը պարզապէս անյաջող արդիւնք չէ, այլ շատ աւելի խորունկ խնդիրի արտացոլում: Առանց ինքնութեան, առանց հպարտութեան եւ պատասխանատուութեան, Իտալիան կը դադրի Իտալիա ըլլալէ», ըսաւ Մալտինի:
Նշենք, որ գլխաւոր մարզիչ Ճենարօ Կաթուզոյի հրաժարականէն ետք հրաժարած էր նաեւ Իտալիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Կապրիելէ Կրավինա եւ ազգային խումբի վարչական պատասխանատու եւ նախկին խմբապետ Ճիանլուիճի Պուֆոն:
Միւս կողմէ, Նափոլիի մարզիչ Անթոնիօ Քոնթէ քանի մը օր առաջ յայտնեց, որ ինք պէտք է ստանձնէ Իտալիոյ ազգային խումբի մարզիչի պաշտօնը: