Ռուսիոյ ֆութպոլի առաջին դասակարգի (Բ. կարգ) 27-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Վոլկոկրատի Ռոթոր ակումբը 3-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Նեֆթեխիմիկի:
Հիւր ակումբը` Նեֆթեխիմիկ 16-րդ վայրկեանին բացաւ մրցումին հաշիւը` շնորհիւ յառաջապահ Ռաշիտ Մակոմետովի:
Այս կոլէն 8 վայրկեան ետք, միջնապահ Արտեմ Սիմոնեան կրցաւ նշանակել հաւասարութեան կոլը գեղեցիկ հարուածով:
Վերջնական արդիւնքը հաստատուեցաւ 86-րդ վայրկեանին, երբ Սիմոնեանի ազգականը` Դաւիթ Դաւիթեան, որ 79-րդ վայրկեանին փոխարինած էր զայն, գեղեցիկ կոլ մը նշանակեց` ամրապնդելով Ռոթորի առաւելութիւնը: Նշենք, որ երկու հայ ֆութպոլիստներուն համար ալ այս կոլերը իրենց երրորդն էին այս տարեշրջանին գծով: Ռոթոր 4-րդ դիրքը կը գրաւէ, մինչ Նեֆթեխիմիկ` 8-րդ: