Հայաստանի պատանիներու (16 տարեկանէն վար) պասքեթպոլի ազգային խումբը արծաթ մետալակիր դարձաւ Վրաստանի մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի պատանիներու պասքեթպոլի լիկային:
Հայաստան, որ Վրաստանի, Ղազախստանի եւ Լաթվիոյ հետ կը մասնակցէր այս մրցաշարքին, հաստատ քայլերով հասած էր աւարտական, յաղթելէ ետք Վրաստանի եւ Ղազախստանի հաւաքականներուն: Աւարտականին Հայաստան 91-60 արդիւնքով պարտութիւն կրեց Լաթվիայէն` շահելով արծաթ մետալ:
Հակառակ աւարտականի այս պարտութեան, Հայաստանէն քանի մը մարզիկներ արժանացան անհատական մրցանակներու: Բարձրագոյն դիրքերը գրաւեցին Տիմիթրի Աջեան, Միխայիլ Փեթրով եւ Ալեքսանտր Աբրահամեան:
Միջազգային այս մրցաշարքը եւ յաջող ելոյթը կարեւոր քայլ մըն է երիտասարդ ու պատանի խաղցողներուն զարգացման համար` անգամ մը եւս ապացուցելով, որ հայկական պասքեթպոլը յառաջդիմութեան մէջ կը գտնուի պատանեկան մակարդակով: