Գահիրէի մէջ (Եգիպտոս) տեղի ունեցաւ մարմնամարզութեան աշխարհի բաժակի մրցաշարքը, որուն ընթացքին Հայաստանի ներկայացուցիչներ Արթուր Դաւթեան եւ Համլեթ Մանուկեան շահեցան ոսկի մետալներ, իսկ Արթուր Աւետիսեան` արծաթ մետալ:
Յենացատկի աւարտական հանգրուանին, Դաւթեան 14.666 կէտ հաւաքելով գրաւեց առաջին դիրքը: Դաւթեան, որ աւելի կանուխ Քոթպուսի մէջ (Գերմանիա) մասնակցած էր միայն օղակներու վարժութեան մրցումներուն, Գահիրէի մէջ գրաւեց 4-րդ դիրքը` օղակներու մրցումներուն:
18 տարեկան մարմնամարզիկ Համլեթ Մանուկեան, նժոյգի թափերու վարժութեան հաւաքելէ ետք 14.800 կէտ, գրաւեց առաջին դիրքը` շահելով ոսկի մետալ մը եւս: Ան տարի մը առաջ ալ ոսկի մետալ նուաճած էր նժոյգի թափերու վարժութեան:
Իր խմբակից Մամիկոն Խաչատրեան 14.533 կէտ հաւաքելով գրաւեց 4-րդ դիրքը:
Արթուր Աւետիսեան օղակներու վարժութեան 14.300 կէտ հաւաքելով շահեցաւ արծաթ մետալ` չնչին տարբերութեամբ (14.366) ետ մնալով ողիմպիականի ախոյեան Էլեֆթերիոս Փեթրունիասէն:
Նշենք, որ Աւետիսեան Քոթպուսի աշխարհի բաժակի մրցաշարքին ոսկի մետալ շահած էր: