Օֆ-Սայտի Նոր Օրէնքը Պիտի Գործադրուի Քանատայի Ֆութպոլի Ախոյեանութեան

Այս շաբաթավերջին կը սկսի Քանատայի ֆութպոլի ախոյեանութեան նոր տարեշրջանը, որուն ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով պիտի փորձարկուին օֆ-սայտի նոր կանոնները:

ՖԻՖԱ-ի աջակցութեամբ եւ «Այ. Էֆ. Էյ. Պի.»-ի հաստատումով, պաշտօնական հանդիպումներուն պիտի փորձեն գործադրել «Վենկերի կանոն»-ը:

Նախաձեռնութեան նպատակն է բարձրացնել խաղի աւելի հետաքրքրական դառնալու որակը` աւելցնելով յարձակողական գործողութիւններու քանակը: Ֆրանսացի մասնագէտ, նախկին մարզիչ Արսէն Վենկեր ինք է, որ դրած էր այս նոր ձեւի առաջարկը, որ կապ ունի մասնաւորապէս օֆ-սայտի դրութեան հետ:

Այժմ յառաջապահ մարզիկը օֆ-սայտ պիտի նկատուի այն ժամանակ միայն, երբ անոր մարմինը ամբողջութեամբ կը գտնուի վերջին յետսապահէն առաջ: Եթէ անոր մարմնին մէկ մասը, որուն հետ կարելի է կոլ նշանակել, կը գտնուի յետսապահին հետ նոյն գիծին վրայ, անոր դիրքը օրինաւոր պիտի նկատուի եւ օֆ-սայտ չի նկատուիր:

Արսենալի նախկին պատմական մարզիչը, որ ՖԻՖԱ-ի միջազգային զարգացման մամինի ղեկավարն է, նշեց, որ այս քայլը կ՛օգնէ գնահատելու բարեփոխումներու ազդեցութիւնը խաղի արագութեան վրայ եւ կը պարզէ կասկածելի դրուագներու մեկնաբանութիւնը:

Օֆ-սայտի փոփոխութենէն անկախ, լիկային մէջ պիտի կիրարկուի նաեւ «Էֆ. Վի. Էս.» (ֆութպոլ վիտէօ սափորթ) համակարգը: Աւանդական ՎԱՐ-ին ի տարբերութիւն, այս համակարգը չի նախատեսուիր բոլոր դրուագներուն վերատեսութեան համար: Փոխարէնը մարզիչները իրաւունք պիտի ունենան սահմանափակ քանակով դիմելու վիճելի պահերու վերանայման, օրինակ` փենալթիներու, կարմիր քարտերու կամ կոլերու պահուն:

Կը սպասուի, որ օֆ-սայտի նոր օրէնքը եւ պարզուած վիտէօ-աջակցութեան համադրութիւնը արագացնեն մրցումը, նուազեցնեն դադարները եւ ֆութպոլը դարձնեն աւելի հասկնալի համակիրներուն համար:

Եթէ այս օրէնքները յաջողին, «Վենկերի օֆ-սայտ»-ը կրնայ օգտագործուիլ համաշխարհային մակարդակով` դառնալով ֆութպոլի կանոններու ամէնէն նշանակելի փոփոխութիւններէն մէկը վերջին տասնամեակին:

 

 

 

Leave a Comment