Եկեղեցական օրացոյցին համաձայն, Քրիստոսի Սուրբ Յարութեան տօնին յաջորդող երկուշաբթին մեռելոց կը կոչուի: Հայ եկեղեցիի հինգ տաղաւար տօներուն (Քրիստոսի Ս. Ծնունդ եւ Աստուածայայտնութիւն, Քրիստոսի Ս. Յարութիւն, Քրիստոսի պայծառակերպութիւն (Վարդավառ), Ս. Աստուածածինի Վերափոխում եւ Խաչվերաց) յաջորդող օրը մեռելոց է: Մեռելոցի օրերուն գերեզմանատուն կ՛երթանք, մեր ննջեցեալներուն կ՛այցելենք եւ անոնց շիրիմներուն վրայ կ՛աղօթենք:
Սուրբ Զատիկի եկեղեցական արարողութիւններու ընթացքին, երբ ժամամուտը կ՛երգուի, կը հաստատենք. «Քրիստոս ի՛ր մահով մահուան յաղթեց»:
Այս դարուն ի՞նչ կը թելադրէ այս հաստատումը, երբ մանաւանդ մարդոց երկարակեցութեան ձգտումը օրէ-օր աւելի կ՛ընդգծուի: Մինչեւ 2030 կը նախատեսուի 27 թրիլիոն ամերիկեան տոլար ներդրում կատարել մարդոց երկարակեցութիւնը նոյնիսկ ըստ ոմանց, մարդոց անմահութիւնը նուաճելու համար:
Անցեալ տարուան սեպտեմբերին Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Չինաստանի նախագահ Սի Ծինփինկին ըսած էր. «Քանի մը տարիէն արհեստագիտութիւնը այնքան պիտի յառաջդիմէ, որ մարդու մարմինի գործարանները շարունակաբար պիտի փոխպատուաստուին, որպէսզի մարդիկ աւելի երկար ապրին եւ նոյնիսկ անմահանան»: Ի պատասխան` Սի Ծինփինկ յաւելած էր. «Այս դարուն իսկ պիտի կարողանանք մարդկային կեանքը մինչեւ 150 տարի երկարաձգել»:
Մարդոց երկարակեցութիւնը երաշխաւորելը երկսայրի սուր է, որ ունի իր դրական եւ ժխտական հետեւանքները: Սակայն ամէնէն բացայայտ իրողութիւնը այն է, որ վեջիվերջոյ բոլորս ալ պիտի մահանանք: Մարդոց անմահութեան փուճ խոստումը հետապնդել` կը նշանակէ մահացումի ուսանելի դասերուն մէջ ձախողիլ: Երկրաւոր կեանքին մէջ մեզ ճիշդ նաւավարելու մղող ամէնէն վաւերական եւ ուժական միջոցը մահն իսկ է:
Մեզ մահուան խորհուրդին հաղորդակից դարձնելով` կեանքին մայրամուտը մեզի կը սորվեցնէ հարցադրել. «Ինչո՞ւ ստեղծուած եմ: Ի՞նչ է կեանքիս իմաստը»: Այս հարցումներուն պատասխաններուն փնտռտուքը փոխանակ մեզ Աստուծոյ տանելու` դեղերու կը յղէ: Գիտնալով հանդերձ, թէ մահը անխուսափելի է, դժբախտաբար անոր իմաստին հետ մեր առնչութիւնը կորսնցուցած ենք, որովհետեւ մահուան խորհուրդին թափանցելու ճիգէն խուսափելով` նաեւ անոր բարդ հարցերէն կը հեռանանք, եւ այլեւս ժամանակավրէպ կը դառնան` «Ի՞նչ է լաւ, իրաւ, լեցուն կեանքը», «Ի՞նչ գործ ունիմ այս աշխարհին մէջ» եւ նման բազմաթիւ բարդ հարցումներ: Մահը կեանքը իմաստաւորող այն ուժականութիւնն է, որ մեզ ինքնաքննութեան, արժէքային համակարգի արդար գնահատութեան եւ մեր ինքնութեան իմաստաւորումին կը մղէ: Երբ մահուան մասին կը մտածենք, եւ չկայ անձ մը, որ մահը միտքէն չանցընէ, աւելի յստակօրէն կ՛ըմբռնենք, թէ ո՞վ կ՛ուզենք ըլլալ, ինչպէ՞ս կ՛անցընենք մեր ժամանակը, ի՞նչ կը կտակենք մեր յետնորդներուն, ի՞նչ արժէքներու հետամուտ ենք եւ այլն:
Ամոքիչ խնամատարութեան պատասխանատուներ կը հաստատեն, որ մահուան դուռը հասած մարդիկ ամէնէն շատ կը զղջան, որ իրենց պատկերացուցած լեցուն կեանքը չեն ապրած, այլ` իրենց շրջապատին հաճելի դառնալու ձգտած: Մեր երազները իրականութիւն դարձնելը համատարած մարտահրաւէր է բոլորիս համար: Երբ մահը թակէ մեր դուռը, կը գիտակցինք, որ մեր նախապատուութիւնները նոր կարգաւորում կ՛ունենան: Ընկերութեան մէջ դիրք գրաւելէ աւելի` մեր ընկերներուն հետ սերտ յարաբերութիւն մշակելը գերակշիռ կը դառնայ: Մեր սիրելիներուն հանդէպ հոգածութիւնը, երախտագիտութիւնը եւ հոգեկան կապը առաջնահերթ տեղ կը գրաւեն: Մեր սահմանափակ կարողականութիւնները, մեր դիմացիններուն հանդէպ հանդուրժողականութիւնն ու ներողամտութիւնը եւ մեր նմաններուն օգտակար ըլլալը առաւել կ՛ընդգծուին: Մահամերձներ կը փորձեն հոգեփոխուիլ, սակայն ժամանակն ու ֆիզիքական տկարութիւնները կը դաւաճանեն իրենց. ուրեմն հիմա, երբ մեր առողջ վիճակին մէջ կը գտնուինք, պէտք է մեր հոգեփոխութիւնը ապրինք: Մահամերձներ կը պատգամեն մեզի. «Օգտուեցէ՛ք մեր փորձառութենէն: Վաղը նաեւ ձեզի համար ուշ կրնայ ըլլալ: Մանաւանդ երիտասարդնե՛ր, հեռու մնացէք ընկերութիւնը թունաւորող յոռի բարքերէն. օրինակ` փոխան համացանցային ընկերային կայքերուն գերին դառնալու` աւելի երկար ու նշանակալից ժամանակ անցուցէք ձեր ընկերներուն եւ բնութեան հետ»:
Քանի մը մտածումներ ալ` մահուան մերձեցած եւ վերակենդանացած մարդոց փորձառութենէն, որ որպէս «մահամերձ փորձառութիւն» կը բնորոշուի: Ասոնք այն մարդիկն են, որոնք իրենց կեանքը շարունակելու երկրորդ կարելիութեամբ կ՛օժտուին, սակայն իրենց վերապրելու սահմանափակ օրերը իմաստաւորելու փոխարէն` ժամանակը կը սպաննեն այնպէս, ինչպէս գիտենք, որ վաղը կրնանք անօթի մնալ, սակայն այնքա՜ն յղփացած ու շփացած ենք, որ սեղանին վրայ աւելցած կերակուրը պահելու փոխարէն` աղբը կը թափենք: Մահամերձ փորձառութիւն ապրած մարդիկ աւելի կը գիտակցին մահուան իրաւութեան: Անոնք նաեւ կը հաստատեն, որ իրենց կեանքին ընթացքին սարսափած են մահէն, եւ այդ սարսափը պատճառ եղած է, որ իրենց կեանքը լիուլի չվայելեն:
Այս բոլորին մէջ մխիթարականը այն է, որ քրիստոնէութիւնը կ՛ուսուցանէ, որ անցաւորէն անանց կեանք կ՛երթանք, երբ երկրաւոր «թագաւորութենէն» երկնաւոր արքայութեան ժառանգորդ դառնալու հրաւիրուած ենք Քրիստոսով: Այս իսկ է «Քրիստոս ի՛ր մահով մահուան յաղթեց»-ին պատգամը: Մահուան առկայութիւնը մեր կեանքը լիովին ապրելու վստահութիւն կը ներշնչէ: Մեր ժամանակաւոր գոյութիւնը ժամանակը իմաստաւորելու եւ նպատակադրելու հրամայականը կ՛ընդգծէ:
Կարեւորը այս բոլորը իմանալէ եւ վերլուծելէ ետք գործադրելն է: Այս գործադրութիւնը հունաւորելու կրնայ նպաստել հետեւեալը, որ մի քանի օր առաջ ուշադրութիւնս գրաւեց: Կեանքը խորապէս եւ ամբողջապէս հասկնալու համար պէտք է երեք տեղ այցելել. հիւանդանոց, բանտ եւ գերեզմանատուն: Հիւանդանոցին մէջ պիտի հասկնանք, որ առողջութենէն աւելի կենսական բան գոյութիւն չունի: Բանտը մեզ պիտի համոզէ, որ աշխարհի ամէնէն թանկագին գանձը ազատութիւնն է: Գերեզմանատան մէջ պիտի անդրադառնանք, որ երկրաւոր կեանքը անարժէք է, որովհետեւ այն գետինը, որուն վրայ այսօր կը քալենք, վաղը մեր տանիքը պիտի դառնայ…
Երբ մահանանք, մեր ինքնութիւնը «դիակ» մակդիրով պիտի բացայայտուի: Մարդիկ պիտի ըսեն. «Աս դիակը դագաղին մէջ դնենք», «Աս դիակը գերեզման իջեցնենք» եւ այլն: Այն անունը, որ մեր կեանքի ամբողջ տեւողութեան կրած էինք, պիտի չէզոքանայ, եւ դիակ մը պիտի ըլլանք: Երանելի ենք, որովհետեւ Աստուած մեզ մեր անունո՛վ իր մօտ պիտի կանչէ: Մենք Աստուծոյ համար դիակ չենք, այլ` իր զաւակը:
Մեր կեանքին մէջ մահը մեծագոյն կորուստը չէ: Մեծագոյն կորուստը այն է, երբ մեր կենդանութեան կեանքը կը մահանայ մեր մէջ:
Անթիլիաս, 1 ապրիլ 2026
