Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ երէկ Պէյրութի ժամանակացոյցով առաւօտեան ժամը 3:00-ին ամերիկացի ժողովուրդին յղեց պատկերասփռուած ուղերձ մը, որուն ընթացքին կրկնեց վերջին քանի մը օրուան ընթացքին իր արտասանած խօսքերը: Այս առումով ուշագրաւ էր ՕԹԱՆ-էն դուրս գալու վերաբերեալ ակնարկի բացակայութիւնը: Ան իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ իր երկիրը «կը մօտենայ» Իրանի դէմ պատերազմին մէջ իր նպատակներու իրագործման:
«Այս հիմնական ռազմավարական նպատակները ամբողջանալու կը մօտենան», նշեց ան` աւելցնելով, որ «Դիւցազնական զայրոյթ» գործողութիւնը պիտի շարունակուի, «մինչեւ ամերիկեան բոլոր նպատակներուն իրագործումը»:
«Յառաջիկայ 2 կամ 3 շաբթուան ընթացքին անոնց (Իրանին, «Ա.») չափազանց հզօր հարուածներ պիտի հասցնենք: Զանոնք պիտի վերադարձնենք քարէ դար, ուր կը պատկանին: Միեւնոյն ժամանակ քննարկումները կը շարունակուին», ըսաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահը:
«Վարչակարգի փոփոխութիւնը մեզի համար նպատակ չէր, սակայն վարչակարգի փոփոխութիւնը իրողապէս կատարուեցաւ», յայտնեց Սպիտակ տան ղեկավարը` նշելով. «Համաձայնութիւն չգոյանալուն պարագային պիտի հարուածենք Իրանի բոլոր ելեկտրակայանները»:
«Կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել Միջին Արեւելքի մէջմեր դաշնակիցներուն` Իսրայէլին, Սէուտական Արաբիոյ, Քաթարին, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն, Քուէյթին եւ Պահրէյնին: Անոնք հոյակապ էին, եւ պիտի չարտօնենք, որ անոնք որեւէ վնասի կամ ձախողութեան ենթարկուին», ըսաւ ան:
«Ամերիկեան բանակը թիրախաւորեց Իրանը` աշխարհի վրայ ահաբեկչութեան թիւ մէկ հովանաւոր պետութիւնը, եւ իրանեան ծովուժը չքացաւ», յայտնեց Թրամփ` աւելցնելով. «Միացեալ Նահանգները այսօր աւելի քան երբեք կը յաղթէ»:
«Թեհրան հիւլէական զէնք ձեռք ձգելու իր ախորժակէն հրաժարելու որեւէ նպատակ չունի», նշեց ան:
«Միացեալ Նահանգներու մէջ պենզինի գիներու վերջին բարձրացումը կարճատեւ է, եւ վառելանիւթի գիներու բարձրացման ամբողջական պատասխանատուն իրանեան վարչակարգն է` քարիւղատարներուն վրայ իր խենթ յարձակումներուն պատճառով», ըսաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահը` աւելցնելով. «Մենք Հորմուզի նեղուցէն որեւէ քարիւղ չենք ներածեր եւ ապագային անոր կարիք պիտի չունենանք»:
«Հորմուզի նեղուցին ճամբով քարիւղ ներածող պետութիւնները պէտք է նաւարկման այդ միջանցքի պաշտպանութեան պատասխանատուութիւնը ստանձնեն, եւ օգնութիւն պիտի տրամադրենք գործընկեր պետութիւններու, սակայն իրենք պէտք է նախաձեռնեն պաշտպանութեան այն քարիւղին, որուն կարիքը ունին», ըսաւ Թրամփ:
«Բոլոր խաղաքարտերը մեր ձեռքն են, եւ իրանեան վարչակարգը ոչինչ ունի, իսկ այս գիշեր իրանեան յարձակումի չարիքներուն վերջի սկիզբն Է», յայտնեց ան:
Իրանեան պետական պատկերասփիւռի կայանը երէկ առաւօտեան հաղորդեց. «Թրամփի իրանեան հրթիռային ծրագիրին վերջ տալը պնդելէն վայրկեաններ ետք մեր հրթիռները Հայֆայի նաւահանգիստ հասան»:
«Պլումպըրկ» հաղորդեց, որ Թրամփի Իրանի դէմ զինուորական գործողութիւններու մագլցումը յայտարարելէն ետք «Պրենթ» քարիւղի տակառին գինը ոստում արձանագրելով հասած է 109 տոլարի:
«Ռոյթըրզ» իր կարգին գրեց. «Միջին Արեւելքի մէջ պատերազմին արագ աւարտին նկատմամբ յոյսերու չքացումէն ետք Եւրոպայի գլխաւոր սակարանի ցուցանիշը հինգշաբթի օր աւելի քան մէկ առ հարիւրի անկում կրեց»:
Իրանեան զինեալ ուժերու «Խաթեմ Անպիա» կեդրոնի բանբեր Իպրահիմ Զուլֆիքարի յայտնեց. «Ինչպէս նախապէս ըսինք, ամերիկացի եւ սիոնական թշնամիններուն կը յայտարարենք, թէ մեր զինուորական կարողութիւններուն ու սարքաւորումներուն մասին ձեր տեղեկութիւնները թերի են, եւ մեր ընդարձակ ու ռազմավարական կարողութիւններէն ոչինչ գիտէք»:
«Այն կեդրոնները, որոնք կը կարծէք, թէ հարուածեցիք, լուսանցքային էին, մինչ մեր զինուորական ռազմավարական կարողութիւնները կ՛արտադրուին վայրերու մէջ, որոնցմէ տեղեակ չէք», ըսաւ ան:
Արտաքին յարաբերութիւններու ռազմավարական խորհուրդի նախագահ Քամալ Խարազի ծանրօրէն վիրաւորուեցաւ, երբ անոր բնակարանը ռմբակոծման ենթարկուեցաւ:
«Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը, մէջբերելով իրանցի պաշտօնատարներ, հաղորդեց, որ Խարազի կը վերահսկէր Փաքիստանի հետ համագործութեան, առ ի պատրաստութիւն Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ. Տի. Վանսի հետ հաւանական ժողովի գումարման: Օրաթերթը նշեց, որ Խարազիի թիրախաւորումը դիւանագիտական ջանքերը խանգարելու փորձ կը նկատուի: