Մարդկային պատմութիւնը ամբողջապէս պայքար է մեղքի եւ շնորհքի միջեւ, իսկ Քրիստոսի յարութեան իրականութիւնը Աստուծոյ վճռական ներգրաւումն է, վերջին խօսքն է այդ բոլորին մէջ:
Մեղքի սահմանումներէն մին կը կարդանք Ա. Յովհաննու 2.16-17-ի մէջ` բացատրուած եռակողմ պատկերով. «Եթէ մէկը աշխարհը կը սիրէ, անոր ներսիդին Հօրը սէրը չկայ. քանզի ամէն բան, որ աշխարհի մէջ է` մարմնի ցանկութիւնն ու աչքերու ցանկութիւնը, եւ այս կեանքին ամբարտաւանութիւնը` Հօրմէն չէ, հապա այս աշխարհէն է: Աշխարհս ալ կ՛անցնի, անոր ցանկութիւնն ալ, բայց ան, որ Աստուծոյ կամքը կը կատարէ, յաւիտեան պիտի մնայ»:
Աստուծմէ հեռացած էակը մարմնաւոր ցանկութիւններու, աչքի շլացումներու եւ ամբարտաւանութեամբ բռնկած ընթացքի մէջ կը խեղդուի, մեղքի մէջ, տեսակ-տեսակ մահացու վիճակներու մէջ: Անձնական թէ հանրային կեանքի մէջ մեղքը կը տիրէ հոն, ուր Աստուծոյ շնորհալի ներկայութիւնը բացակայ է: Ահա թէ ինչու կայ նիւթական աշխարհապաշտութիւն, կեանք մաշեցնող նախանձ, բռնութիւն, պատերազմ, հոգեմտաւոր թէ մարմնաւոր օրինազանցութիւն, անիրաւութիւն, մինչեւ իսկ գոյութենական յուսահատութիւն` կեանքէն, անձէն, իմաստներէն: Մեղքի մէջ կրնայ ապրիլ անձ մը, հաւաքականութիւն մը, տիրութիւն մը, նոյնիսկ «քաղաքակրթութիւն» մը:
Այդ բոլորէն վեր ու վեհ, կայ աստուածային շնորհքը, այսինքն` Աստուծոյ ազատօրէն պարգեւած սէրը մեզի` անարժաններուս: Շնորհք, որ կը փրկէ մեղքէ, կը յուսադրէ, կը նորոգէ եւ կը փոխակերպէ մարդը: Շնորհքի ընթացքը մեզ կ՛առաջնորդէ խաչէն դէպի կեանք: Այդ անսահման շնորհքին անունը ՔՐԻՍՏՈՍ է` խաչեալ եւ յարուցեալ Տէր, իսկ շնորհքի հոգին` ՍԷՐ աստուածային:
Խաչեալ Յիսուսի յարութեամբ` Աստուած արդարացուց մարդը եւ բարձրացուց զանիկա մեղքի տիղմէն: Դատարկ գերեզմանը հրապարակային նշան մըն էր, որ կը խօսէր ոչ միայն անձնական հաւատքի, այլ նաեւ կեանքի ամբողջական շրջման մասին: Երբ մահը կը սպառնայ, յարութիւնը պատասխան կու տայ: Երբ կիրքը կը տարածուի, Սուրբ Հոգին կը բուժէ: Երբ բռնութիւնը կը քանդէ, թողութիւնը կը կանգնեցնէ: Երբ ցանկութիւնը կը շրջապատէ, Յիսուսի բոյրը կ՛ամոքէ: Վախի մատնուածներուն միջեւ կանգնած` Յարուցեալ Քրիստոսը «Խաղաղութիւն ձեզի» ողջոյնով կը մխիթարէ:
Պատերազմով, տեղահանութեամբ, սպանութեամբ եւ անորոշութեամբ պայմանաւորուած մեր ժամանակներուն մէջ, Քրիստոսի յարութիւնը մեզի կը ներկայացնէ յաւիտենական յոյս մը, որ կը դրժէ թէ՛ միամիտ լաւատեսութիւնը, թէ՛ կաշկանդող յուսահատութիւնը: Յարութեան պատգամով Քրիստոս մեզ կը հրաւիրէ հոգալու, կառուցելու, պահելու մարդոց արժանապատուութիւնը, առաքելութեան հոգիով գործելու Աստուծոյ մնայուն թագաւորութեան համար: Իսկական Տէրը Յարուցեալն ու յարուցանողն է, ո՛չ դատապարտող մեղքը:
Այսպէս, յարութիւնը կը դառնայ խիզախութեան հրաւէր մը, նուիրում աստուածատուր կեանքի` մահուան փոխարէն, արդարութեամբ ամրապնդուած խաղաղութիւն` խռովութեան փոխարէն, խղճի հանգստութիւն` անձկութեան փոխարէն, հոգեւոր բաղձանք` մարմնաւոր ցանկութեան փոխարէն, քրիստոսակերտ սէր` պայմանաւոր ազնուութեան փոխարէն, արդար յանձնառութիւն` զինադադարի փոխարէն:
Այս յոյսին մէջ, շնորհքը վերջնականապէս կը յաղթէ մեղքին, եւ կեանքը կը յաղթէ մահուան: Այդ հաւատքով ապրելու հրաւիրուած ենք բոլորս:
Յովհաննու 11.25 «Յիսուս ըսաւ անոր. Ես եմ յարութիւնն ու կեանքը: Ան որ ինծի կը հաւատայ, թէեւ մեռնի, պիտի ապրի»:
Աղօթարար`
ՎԵՐԱՊԱՏՈՒԵԼԻ ՓՈԼ ՀԱՅՏՈՍԹԵԱՆ
ՄԱՀԱԵՄ-ի ՆԱԽԱԳԱՀԻ ՏԵՂԱՊԱՀ
Յարութեան տօն 2026