• Այսօր վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան աշխատանքային այցելութեամբ Ռուսաստան կը մեկնի։ • Նիկոլ Փաշինեան շնորհաւորական ուղերձ յղած է Հայաստանի ասորական համայնքին՝ Հապ-Նիսանի առիթով։
• Յոյսով ենք՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հաստատուած խաղաղութիւնը վերջ կը դնէ մտացածին թէզերուն. Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան արձագանգը՝ Պաքուի մեղադրանքներուն։
• Ամերիկան իր նպատակներուն հասած է եւ «շուտով» պիտի դադարեցնէ Իրանի վրայ յարձակումները. Թրամփ։
• Ղրիմի մէջ ռազմական-փոխադրական օդանաւ մը ժայռի զարնուած է․ անձնակազմի անդամները եւ ուղեւորները զոհուած են։
• Պէյրութի մէջ Իսրայէլի յարձակումին պատճառով զոհեր եւ վիրաւորներ կան։
• Հայաստան հերթական վարկանիշային աղիւսակով ամէնէն ապահով երկիրներու ցանկին մէջ ։
