Միացեալ Նահանգներ – Իրան թէական համաձայնութեան մասին ամերիկեան յայտարարութիւնները կը շարունակուին: Նախագահ Թրամփ նոյնիսկ հրապարակուած ժամկէտէն առաջ հաւանական կը նկատէ գործարքը: Առընթեր կ՛արծարծուին միջազգային ներգրաւուածութեան եւ Հորմուզի նեղուցի օգտագործման նոր ձեւաչափերու եւ դրոյթներու մասին նախագիծեր:
Իրանեան կողմը նոյն խանդավառութիւնը չի ցուցաբերեր անշուշտ եւ կը պահանջէ երաշխիքներ կրակի դադրեցումին համար, կառչած կը մնայ նեղուցի օգտագործումը թշնամի պետութիւններուն չարտօնելու սկզբունքին:
Ընդհանուր այս համապատկերին մէջ դիտարժան են նոր միաւորի ուրուագծման նախադրեալները: Խօսքը կը վերաբերի Եգիպտոսին, Փաքիստանին, Սէուտական Արաբիոյ եւ Թուրքիոյ, որոնք կը բանակցին ռազմավարական դաշինք ստեղծելու սկզբունքներուն շուրջ:
Տեսքով ռազմավարական ինքնուրոյնութիւն առաջադրող միաւոր կը ձգտի ըլլալ այս քառակողմ ձեւաչափը, որ պիտի առաջադրէ ճգնաժամային պայմաններուն մէջ տնտեսական նոր միջանցքներու կառուցումը: Կը մեկնաբանուի այնպէս, որ այս ձեւաչափի կայացման պարագային, կը ձեւաւորուի Միջին Արեւելքի եւ հարաւային Ասիոյ մէջ նոր ուժային բեւեռ` Ուաշինկթընի եւ Փեքինի միջեւ:
Պէտք չէ աճապարել ընդունելու համար շրջանառուող այս մեկնաբանութիւնը: Փորձենք պարզել այս երկիրներուն հանգամանքները, յարաբերակցաբար ընթացող պատերազմին:
Չորսն ալ միջնորդական առաքելութիւն իրականացնելու փորձեր կատարած են եւ կը շարունակեն կատարել: Ասոնցմէ երեքը` Փաքիստանը, Եգիպտոսն ու Թուրքիան չեն ներքաշուած պատերազմին: Սէուտական Արաբիան ստացած է պատասխան հարուած, ծառայած կամ ծառայեցուած ըլլալով ամերիկեան յենակէտի: Փաքիստանին Ուաշինկթընը վերապահած էր միջնորդական հարթակ ըլլալու կարգավիճակ: 15 կէտնոց առաջարկներու թղթածրարը Փաքիստանի միջոցով յղուած էր Թեհրանին, որ նոյն խողովակով պատասխանած էր եւ բանաձեւած իր նախապայմանները:
– Գահիրէի դերը ունի նախադէպ Կազայի պարագային: Իրանի վրայ ազդելու հնարաւորութենէն աւելի, Եգիպտոսին կը տրուի տարածաշրջանին մէջ տնտեսաքաղաքական կայունութեան հաստատման նպաստելու դերակատարութիւն:
– Թուրքիան ամէնէն երկակի խաղցող պետութիւնն է այս շարքին մէջ: Իրեն թոյլատրուած է ՕԹԱՆ-ի անդամ ըլլալով յարաբերութիւններ զարգացնել Ռուսիոյ եւ Իրանի հետ: Ուշագրաւը այն է, որ այլ ուղղութիւններու վրայ մրցող Ռիատն ու Անգարան իրենց տնտեսաքաղաքական ժամացոյցի սլաքները կը համադրեն:
– Սէուտական Արաբիան Ուաշինկթընէն դժգոհ ըլլալու բազմաթիւ պատճառներ ունի: Սակայն յատկապէս անվտանգային ոլորտին մէջ այնքան խոր կապեր կան Միացեալ Նահանգներու հետ, որ տարակուսելի է ինքնուրոյն միաւորի մը` առանցքային կէտ ըլլալու երեւոյթը:
Անշուշտ շատ հանգամանքներ կան տակաւին կապուած այս քառեակին հետ, թէ՛ փոխյարաբերութիւններու եւ թէ՛ հակամարտող կողմերուն հետ իրենց այսօրուան դիրքորոշումներուն առումով:
Հիմա վերադառնանք Ուաշինթընի առաջ մղած գործարքի նախագիծին: Շրջանառուող տեղեկութիւններ կը խօսին նոյնիսկ ցամաքային գործողութիւններէ հրաժարումի եւ վերահսկողական նոր համակարգ հաստատելու մօտեցումին մասին:
Վերահսկողական համակարգը ըստ ձեւի միջազգային պիտի ըլլայ եւ ոչ թէ զուտ ամերիկեան: Ահա այստեղ է, որ տարածաշրջանային այս քառեակը կ՛առաջադրէ ռազմավարական նոր դաշինք: Որքան ալ ձեւաւորուող այս դաշինքին մասին տրուի ինքնուրոյն բնութագիր կամ տարածաշրջանային բեւեռ ըլլալու հանգամանք, դժուար է ընկալելը, որ այս քառեակը կը կազմուի Ուաշինկթընի վերահսկողութենէն դուրս: Ի վերջոյ այս գործընթացը կը տեղաւորուի Հորմուզի միջազգային վերահսկողական գործիքակազմի հաստատման առաջադրանքին հետ: Շարունակելով տրամաբանութիւնը` ցամաքային գործողութիւններէ հրաժարում, միջազգային վերահսկողութեան հաստատում:
Մինչ այդ, սակայն, զուգահեռ սպառնալիքները կը շարունակուին: Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարը հզօրագոյն հարուածներով կը սպառնայ Իրանին, եթէ չբանակցի եւ չհամաձայնի: Մինչ ամերիկեան ուժերը կը համալրուին շրջանին մէջ. բանակցելու ճնշամիջոցները սաստկացնելու համար:
Քառեակը նոր առաքելութիւն կը ստանձնէ երեւութապէս: Քառեակին նոր առաքելութիւն կը տրուի ըստ էութեան:
«Ա.»