«Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ ժողովուրդին աջակցութիւնը Իրանի ժողովուրդին` իրանցիներու տեղափոխութեան եւ մարդասիրական օգնութեան առումով, մեծ գնահատանքի արժանի է»: Այս մասին «Էքս»-ի իր էջին վրայ հայատառ գրած է Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչին:
«Իրանի եւ Հայաստանի դարաւոր կապը դժուար պահուն կրկին ցոյց տուաւ իր ամրութիւնը, եւ եղբայրական այս քայլերը պիտի մնան Իրանի ժողովուրդին յիշողութեան մէջ», նշած է Արաղչի:
Յայտնենք, որ իրանցի նախարարը օր մը առաջ հեռաձայնային զրոյց ունեցած էր, Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանին հետ: