«Էմ. Էմ. Էյ.» Տիանա Պօղոսեան` Յաղթական

«Էմ. Էմ. Էյ.»-ի մարտիկ Տիանա Պօղոսեան յաղթեց «Եու. Էֆ. Սի.»-ի նախկին մարտիկ Լիանա Ճոճուայի, Ռուսիոյ մէջ տեղի ունեցած մենամարտին:

Մրցումը տեղի ունեցաւ «Քարաթէ Քոմպաթ/Ար. Սի. Սի. Ֆեր Ֆայթ» մրցաշարքի ծիրին մէջ, որ տեղի ունեցաւ Ռուսիոյ մէջ:

Երեք ռաունտ տեւող մրցումին, իրաւարարները միաձայն որոշումով յաղթանակը շնորհեցին Պօղոսեանին, որ ամբողջ ելոյթին տիրապետած էր իր վրացի մրցակիցին վրայ:

Պօղոսեան հասցուց քանի մը շատ տպաւորիչ հարուածներ եւ ընդհանուր առմամբ շատ վստահ մենամարտ ունեցաւ:

Leave a Comment