Հայ «Եու. Էֆ. Սի.»-ի մարտիկ Արման Ծառուկեան «ՌԱՖ-07» մրցաշարքի գլխաւոր մենամարտին ազատ ոճի ըմբշամարտի օրէնքներով 9-3 արդիւնքով յաղթեց Ճիորճիօ Փուլասին:
Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունեցած (Թամփա, Ֆլորիտա) այս մրցաշարքին, այս «վրէժի մրցում»-ը համեմատաբար աւելի «մաքուր» մրցում էր, քան «ՌԱՖ-06»-ի մենամարտը, որուն ընթացքին Փուլաս անտեղի ապտակներով մրցումին «համը փախցուցած» էր:
Ըստ երեւոյթին Փուլաս դասեր քաղած էր այդ մրցումէն, որուն աւարտին Ծառուկեան յարձակած էր եւ պատճառ դարձած, որ զանգուածային ծեծկռտուք տեղի ունենայ:
Այս մրցումին Ծառուկեան կրցաւ 4 գեղեցիկ կէտեր արժող շարժում մը իրականացնել եւ հանգիստ ձեւով յաղթական դուրս եկաւ:
Այս յաղթանակը Ծառուկեանի երրորդն է «ՌԱՖ» լիկային մէջ, մրցաշարք մը, որուն Արման Ծառուկեան պարզապէս կը մասնակցի «Եու. Էֆ. Սի.»-ի մրցումներուն պատրաստ վիճակի մէջ մնալու համար: