Ընկերային հարցերու նախարարութեան հետ համագործակցութեամբ, Պէյրութ Մարաթոն միութիւնը «Վազէ եւ ժպտայ» խորագիրով մրցում մը կազմակերպեց տեղահանուած մանուկներու եւ պատանիներու համար` փորձելով յոյս ներշնչել երկրին մէջ տիրող ներկայ լարուած կացութեան մէջ:
Այս մրցումով Պէյրութ մարաթոն միութիւնը կը մտադրէ օգնել մանուկներուն, պատանիներուն եւ իրենց ընտանիքներուն, մարզական խաղերով օժանդակել անոնց ոչ միայն ֆիզիքական, այլեւ հոգեկան գետնի վրայ` սփռելով ժպիտ եւ առնուազն քանի մը ժամ ուրախ մթնոլորտ ստեղծելով ներկայ վատ օրերուն, մնալով անոնց հետ նոյնիսկ խաղաղ օրերուն:
Միութիւնը կրցաւ գտնել 709 անհատներ, որոնք բաժնուեցան 16 տարբեր շրջաններ, Պէյրութ, Զղարթա, Ժիպէյլ եւ Ամշիթ, անոնց տրուեցան մրցումներու շապիկներ, մետալներ եւ օգնութիւններ մարզական կօշիկներու եւ շապիկներու կողքին` առիթ տալով այդ երեխաներուն վերադառնալու շարժումի եւ խաղալու թէպետ կարճ ժամանակով, հեռանալով ներկայ դժուար պայմաններէն:
Յիշեցնենք, որ Պէյրութ Մարաթոնը իր տնօրէն Մայ Խալիլի գլխաւորութեամբ 2024-ին ալ նոյն ձեւի ծրագիրներ իրականացուցած էր` օգնելով Պեքայէն, հարաւային Լիբանանէն եւ Պէյրութի Հարաւային արուարձաններէն տեղահանուած ժողովուրդին: