«Մայատին»-ի Լրագրող Ֆաթմէ Ֆթունի Եւ «Մանար»-ի Լրագրող Ալի Շհէյպ Իսրայէլեան Յարձակումի Զոհ

Իսրայէլ նախանցեալ օր Ժեզզինի ճամբուն վրայ հարուածեց ինքնաշարժ մը` պատճառելով չորս զոհեր, որոնցմէ երկուքը լրագրողներ էին:

«Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը յայտարարեց, թէ իր լրագրողներէն Ֆաթմէ Ֆթունի հարաւային Լիբանանի մէջ իսրայէլեան յարձակումի զոհ գացած է:

«Մանար» պատկերասփիւռի կայանը իր կարգին յայտարարեց, թէ իր լրագրողներէն Ալի Շհէյպ հարաւային Լիբանանի մէջ իսրայէլեան յարձակումի զոհ գացած է:

Նախագահ Ժոզեֆ Աուն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի եւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամ դատապարտեցին լրագրողներուն սպանութիւնը:

 

Leave a Comment