Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Նոել Պարրօ յայտարարեց. «Լիբանանը չի կրնար այլ պետութիւններու կռիւի դաշտ ըլլալ»:
Ան բարձր գնահատեց «Հըզպալլայի վերաբերեալ լիբանանեան կառավարութեան որոշումները»:
Պարրօ շեշտեց. «Իսրայէլ պէտք է ետ կանգնի որեւէ ցամաքային գործողութիւն շղթայազերծելէ կամ քաղաքային ենթակառոյցներ եւ Պէյրութի նման խիտ բնակուած շրջաններ յարձակումի ենթարկելէ»:
«Լիբանանը պէտք չէր ներքաշուեր այս պատերազմին մէջ, եւ ատոր պատասխանատուութիւնը ուսերուն վրայ է կուսակցութեան, որ այդ որոշումը տուաւ», աւելցուց ֆրանսական դիւանագիտութեան պետը:
Միւս կողմէ, Պարրօ «Ֆրանս 3» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին դատապարտեց շաբաթ օր իսրայէլեան օդային յարձակումի մը հետեւանքով երեք լրագրողներու սպանութիւնը` նշելով, որ հակամարտութեան շրջաններուն մէջ երբեք պէտք չէ լրագրողները թիրախաւորել:
«Եթէ փաստուի, թէ լրագրողները իսրայէլեան բանակին կողմէ դիտաւորեալ կերպով թիրախաւորուեցան, ատիկա շատ վտանգաւոր է եւ միջազգային օրէնքի բացայայտ խախտում», նշեց ան` աւելցնելով. «Պատերազմի շրջաններուն մէջ պէտք չէ լրագրողները թիրախաւորել, նոյնիսկ այն պարագաներուն, երբ անոնք հակամարտութեան կողմերու հետ կապեր ունին»: