ՖԻՖԱ-ն պաշտօնապէս յայտարարեց շարք մը օրէնքներու մասին, որոնք արդէն իսկ պիտի գործադրուին 2026-ի Մոնտիալին:
5 կանոնները կը վերաբերին փոխարինումներու, աութի, բժշկական օգնութեան, ՎԱՐ-ի նոր լիազօրութիւններու եւ խմբապետներու նոր դերերուն:
Նախ եւ առաջ փոխարինումներուն պարագային աւելի խիստ միջոցառումներու պիտի դիմուի, ուր դաշտը լքող մարզիկները պատրաստ պիտի ըլլան 10 երկվայրկեանէն դուրս գալ դաշտէն: Եթէ ուշացում տեղի ունենայ, դաշտ մտնող մարզիկը ստիպուած պիտի ըլլայ սպասել 1 վայրկեան` ժամանակ չկորսնցնելու խիստ միջոցառումներու համար:
Պիտի փոխուի նաեւ աութ նետելու օրէնքը: Մարզիկ մը առաւելագոյնը պիտի ունենայ 5 երկվայրկեան` գնդակը դէպի դաշտ նետելու, այլապէս գնդակը ինքնաբերաբար կ՛անցնի մրցակից խումբին:
ՖԻՖԱ-ն ուշադրութեան կեդրոն դարձուցած է նաեւ բժշկական դադարներու գծով: Դաշտին մէջ բժշկական օգնութիւն ստացող մարզիկները դաշտէն դուրս պէտք է գան եւ միայն 1 վայրկեան ետք է, որ կրնան վերադառնալ դաշտ` նուազեցնելով մրցումի պահուն կորսուած անհիմն դադարները:
Տեսաօգնութեան համակարգը (ՎԱՐ) կը ստանայ լրացուցիչ լիազօրութիւններ` վերանայելով իրաւարարներուն դրուագները կապուած երկրորդ դեղին քարտերու, քոռնըրներու, կոլերու վերաբերեալ, ինչպէս նաեւ տեսանելի եւ անտեսանելի սխալներուն միջամտելով:
Խմբապետներու նոր դերը պիտի ըլլայ միայն ինք ըլլալ իրաւարարին հետ որոշումներու գծով պարզաբանելու բոլոր հարցերը: Այլ մարզիկներու ճնշման փորձերու պահուն, մարզիկները կրնան դեղին քարտ ստանալ, եթէ իրաւարարի շրջապատէն օրինակ կամ բացատրութիւն պահանջեն: Իրաւասութիւն ունեցող անձը միայն խմբապետը կ՛ըլլայ, որ կրնայ իրաւարարին հետ խօսիլ:
Նշենք, որ արդէն իսկ պիտի սկսին այս օրէնքները գործադրուիլ, եւ մինչեւ 2026-ի Մոնտիալը բոլորը «վարժուած» կ՛ըլլան այս փոփոխութիւններուն ու կանոններուն: