Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ «Ախպար» օրաթերթին մէջ լոյս տեսած իր յօդուածին մէջ նշեց, որ բազմազանութիւնը Լիբանանի յատկութիւններէն մէկն է, եւ որ իմամ Մուսա Սատըրը ատենօք զայն ազգային հարստութիւն նկատած է:
Ան նշեց, որ պառակտումը յստակ կ՛երեւի օտար երկիրներու հետ յարաբերութիւններուն նկատմամբ մօտեցումներուն մէջ, «որովհետեւ ոմանց կարծիքով` ամերիկեան ցուցմունքներուն բաւարարումը գերիշխանութիւնը կը պաշտպանէ, մինչ ուրիշներ այդ մէկը զայն հարուածող կը նկատեն»:
Երեսփոխանը աւելցուց, որ տարակարծութիւնը երեւան կու գայ նաեւ իսրայէլեան բռնագրաւումին հետ համակեցութեան դիմաց դիմադրութեան իրաւունքի խնդիրին մէջ` վերջինս նկատելով ազգային միասնականութիւնը ամրապնդող եւ գերիշխանութիւնը պահպանող:
Ան եզրափակեց, որ յօդուածը գրելը աւարտելէն ետք ստացած է Իրանի դեսպանին վերաբերեալ արտաքին գործոց նախարարի որոշումին լուրը:
Ռաատ այդ որոշումը նկատեց չէզոքութեան հայեցակարգի լիբանանեան մեկնաբանութիւններէն մէկը, ինչպէս անիկա ներկայացուած է երկրին մէջ` հիմնուելով առաջարկի եւ պահանջարկի հաւասարակշռութեան վրայ: