Պայրագտարեան Ընդունեց Երեսփոխան Սալիպան – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան ընդունեց երեսփոխան Նաժաթ Աուն – Սալիպան եւ անոր հետ քննարկեց երկրին մէջ տիրող կացութիւնն ու ընդհանուր հարցեր:

Նախարարը ներկայացուց ներկայ կացութեան ազդեցութիւնը նախարարութեան աշխատանքին վրայ, ինչպէս նաեւ ներկայ կառավարութեան շրջանին իրագործուած ձեռքբերումները եւ այն ծրագիրները, զորս գործադրեց եւ մտադիր է գործադրել անմիջապէս, որ կացութիւնը կայունանայ եւ պատերազմը աւարտի:

Leave a Comment