Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Թամիմ Խալաֆ յայտարարեց, որ Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Պատր Ապտելաթիի եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոյի միջեւ տեղի ունեցած է հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որուն ընթացքին արծարծուած են Եգիպտոսի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ ռազմավարական գործընկերութեան աջակցութեան եւ ամրապնդման կարելիութիւնները:
Անոնք նաեւ տեսակէտներու փոխանակում կատարած են շրջանին մէջ կացութեան վերջին զարգացումներուն շուրջ, ինչպէս նաեւ անդրադարձած շրջանային այլ թղթածրարներու, նախ եւ առաջ պաղեստինեան թղթածրարին, Սուտանին, Լիբանանին եւ եգիպտական ջրային անվտանգութեան:
Խալաֆ նշեց, որ հաղորդակցութեան ընթացքին արծարծուած են շրջանին մէջ զինուորական մագլցումի լոյսին տակ շրջանային վերջին զարգացումները, եւ Ռուպիօ ամերիկեան վարչակազմին գնահատանքը արտայայտած է եգիպտական առաջնորդութեան ու միջնորդութեան, լարուածութեան մեղմացման, շրջանին մէջ անվտանգութեան ու կայունութեան աջակցութեան եւ տագնապները վերահսկողութեան տակ առնելու մէջ Եգիպտոսի կատարած շինիչ դերակատարութեան:
Եգիպտական դիւանագիտութեան պետը իր կարգին շեշտած է դիւանագիտական լուծումները առաջնահերթ նկատելու եւ բանակցութիւններու ճամբով քաղաքական հոլովոյթին աջակցելու կոչ ուղղող Եգիպտոսի դիրքորոշումը` մատնանշելով «Եգիպտոսի, Թուրքիոյ եւ Փաքիստանի կացութեան հանդարտեցման եւ առնչակից կողմերը մագլցումը թուլացնելու ու պատերազմին վերջ տալու մղելու անկեղծ ջանքերը»:
Ինչ կը վերաբերի Լիբանանի մէջ կացութեան զարգացումներուն, Ապտելաթի իր ամերիկացի պաշտօնակիցին ներկայացուցած է 26 մարտին Լիբանան իր կատարած վերջին այցելութեան արդիւնքները` ընդգծելով. «Անհրաժեշտ է անմիջապէս դադրեցնել մագլցումը եւ Լիբանանի վրայ իսրայէլեան յարձակումները»:
Ան նշած է, որ Եգիպտոս կտրուկ կերպով կը մերժէ Լիբանանի գերիշխանութեան, միութեան եւ հողային ամբողջականութեան նկատմամբ ոտնձգութիւնը կամ քաղաքային ենթակառոյցներու թիրախաւորումը:
Ապտելաթի շեշտած է լիբանանեան պետութեան հաստատութիւնները կարող դարձնելու, ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումը ամբողջական եւ ոչ ընտրովի կերպով գործադրութեան, զէնքի մենաշնորհման, իր իշխանութեան ու գերիշխանութեան ամբողջ լիբանանեան հողերուն վրայ տարածման լիբանանեան պետութեան ջանքերուն աջակցութեան կարեւորութիւնը:
Միւս կողմէ, Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց, որ նախարար Ապտելաթի իր փաքիստանցի պաշտօնակից Մոհամետ Իսհաքտարի եւ թուրք պաշտօնակից Հաքան Ֆիտանի հետ անջատ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններու ընթացքին քննարկած է շրջանին մէջ մագլցումի թուլացման ջանքերը: