Ֆատլալլա. «Դիմադրողները Հարաւի Սահմաններուն Վրայ Լիբանանի Նոր Պատմութիւն Մը Կը Գրեն»

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան անդամ երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա յայտնեց. «Դիմադրողները Հարաւի սահմաններուն վրայ Լիբանանի նոր պատմութիւն մը կը գրեն եւ յոյս կու տան իրենց տոկացող ու համբերող ժողովուրդին` ձախողութեան մատնելով արգելակիչ գօտի մը ստեղծելու եւ իր սահմանը Լիթանի գետը դարձնելու թշնամիի նպատակները:

«Անոնք միայն հարաւային Լիբանանը չեն պաշտպաներ, այլեւ արգելք կը հանդիսանան, որ հայրենիքը իյնայ բռնագրաւումի ճիրաններուն մէջ, որպէսզի Լիբանանը մնայ ազատ ու անկախ, եւ անոր սահմանը մնայ Քապիր գետէն մինչեւ Պաղեստին, Նաքուրայէն մինչեւ Մազարեհ Շեպաա եւ Քֆարշուպայի բարձունքները: Անոնց հողը պաշտպանելը պատերազմ է սուրբ հողի համար, ուր կը ցանեն ամէնէն յարգի արիւնը եւ գեղեցկագոյն երիտասարդութիւնը»:

«Դիմադրողները, որոնք այնքան աշխարհագրութեան կառչելով չեն հետաքրքրուած, որքան բռնագրաւողին յարձակումին գործելուն համար սուղ գին վճարել տալը եւ անոր չարտօնելը, որ հաստատուի եւ իր տեղակայումը ամրապնդէ, կը շարունակեն քաջաբար դէմ դնել առաջնագիծի գիւղերուն մէջ իսրայէլեան յառաջխաղացքին», նշեց Ֆատլալլա:

Leave a Comment