Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Սամի Ժեմայել, Պաապտայի պալատին մէջ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ հանդիպումէն ետք Փաղանգաւորներու երեսփոխանական պլոքին անունով ողջունեց «իրանցի դեսպանին վերաբերեալ որդեգրուած որոշումը»` նշելով. «Ատիկա պահանջ մըն է, որ որոշ ժամանակէ ի վեր կը ներկայացնէինք` Իրանի կողմէ Լիբանանը զինուորական թատերաբեմի վերածելու եւ զայն պատերազմներու մէջ ներքաշելու լոյսին տակ, որոնց հետ լիբանանցի ժողովուրդը կապ չունի»:
«Ճակատ բանալն ու Լիբանանը պատերազմի մէջ մտցնելը իրանեան որոշում է, եւ Լիբանանը անոր գինը կը վճարէ քանդումով եւ կորուստներով», նշեց ան:
«Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի առջեւ շեշտեցինք քաղաքացիները հանգստացնելու համար լիբանանեան բանակին ու ապահովական ուժերու մեծաթիւ կերպով շրջաններու մէջ տարածուելու անհրաժեշտութիւնը», նշեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավարը:
«Խնդիրը համայնքային չէ, ո՛չ ալ լիբանանցիներուն միջեւ, այլ` լիբանանեան պետութեան եւ Հըզպալլայի, որ իր որոշումը պետութեան շրջագիծէն դուրս կու տայ», ըսաւ երեսփոխանը:
«Տեղահանուածները այս պատերազմին զոհերն են, եւ պէտք է զանոնք ընդունիլ եւ անոնց աջակցիլ` հեռու մնալով համայնքային կամ ցեղապաշտական որեւէ մտածելակերպէ», յայտնեց Ժեմայել: