Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Կիտէոն Սահեր բոլոր պետութիւններուն կոչ ուղղեց` Իրանի դեսպանները վտարելու: Ան այս կոչը ուղղեց` Իսրայէլի մէջ հաւատարմագրուած դեսպաններուն զեկուցման նիստի մը ընթացքին:
Սահեր յայտարարեց. «Քիչ առաջ Իսրայէլի մէջ հաւատարմագրուած դեսպաններուն զեկուցման նիստի ընթացքին անոնց պետութիւններուն կոչ ուղղեցի` Իրանի դեսպանները իրենց հողերէն վտարելու, ինչպէս Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ յայտարարեց, որ պիտի կատարէ»:
Իսրայէլեան դիւանագիտութեան պետը աւելցուց, որ ամերիկեան «Տիեկօ Կարսիա» ռազմակայանին դէմ յարձակումը բացայայտեց Իրանի իսկական մտադրութիւնները` նշելով. «Ռազմակայանին հասած հարուածը ցոյց կու տայ, թէ իրանեան վարչակարգը իր հրթիռներու հասողութեան մասին տեւաբար ստած է, ներառեալ այս պատերազմի ընթացքին»:
Սահեր զգուշացուց, որ իրանեան հրթիռներու հասողութիւնը այլեւս միայն Իսրայէլին ու շրջանի պետութիւններուն վտանգ չի ներկայացներ, այլ տարածուած է ամբողջ եւրոպական ցամաքամասին վրայ: