«Զանգեզուրի միջանցք»-ը պատրաստ պիտի ըլլայ 4-էն 5 տարիներու ընթացքին», յայտարարած է Թուրքիոյ փոխադրամիջոցներու նախարար Ապտուլքատիր Ուրալօղլու: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն»-ը:
Անոր համաձայն, «այդ միջանցքը ուղղակի կապ պիտի հանդիսանայ թրքական աշխարհի (պետութիւններուն) միջեւ»:
Թուրք նախարարը ըսած է, որ Ազրպէյճանի տարածքին մէջ գտնուող հատուածին մէջ աշխատանքները գրեթէ աւարտած են:
«Մեր տարածքին մէջ գտնուող 224 քիլոմեթրնոց ճամբու հատուածին մէջ աշխատանքները արդէն իսկ մեկնարկած են եւ այժմ ալ կը շարունակուին», նշած է Ուրալօղլու:
Թուրքիոյ փոխադրամիջոցներու նախարարը յայտնած է, որ շինարարութեան իրականացման նպատակով Անգարան վարկային համաձայնագիր ստորագրած է Համաշխարհային դրամատան հետ` «բաւական լաւ պայմաններով»: