Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի գրասենեակին մէջ տեղի ունեցած է աշխատանքային հանդիպում` գլխաւոր քարտուղար Էտկար Պետրոսեանի եւ մրցումներու բաժակի ղեկավար Դաւիթ Յարութիւնեանի մասնակցութեամբ:
Քննարկման մասնակցած են բարձրագոյն դասակարգի ակումբներու ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ առաջին դասակարգէն չորս ակումբներ:
Հանդիպումի հիմնական նիւթը եղած է հաւանական փոփոխութիւնը կանոնագիրին մէջ, վերջինս կը վերաբերի քանակին Հայաստանէն պատրաստուած ֆութպոլիստներու, որոնք կրնան միաժամանակ գտնուիլ դաշտին վրայ եւ ընդգրկուիլ խաղի յայտացուցակին մէջ: Խօսքը կը վերաբերի հաւանական փոփոխութիւններուն, որոնք կրնան ուժի մէջ մտնել յառաջիկայ երկու տարեշրջաններուն ընթացքին Հայաստանի բարձրագոյն դասակարգին մէջ:
Ակումբներու ներկայացուցիչներուն կարելիութիւն տրուած է արտայայտել իրենց նախնական կարծիքը եւ ուղղել հարցեր առաջարկուող փոփոխութիւններուն վերաբերեալ: Միաժամանակ, ակումբներու վերջնական դիրքորոշումը կը ձեւաւորուի եւ քանի մը օրէն կը ներկայացուի ֆութպոլի ֆետերասիոնին:
Առաջարկները ստանալէ ետք, գործադիր կոմիտէն կը կատարէ լրացուցիչ քննարկում, որուն հիմամբ կրնայ ընդունուիլ վերջնական որոշում` գործող կանոնագիրին մէջ փոփոխութիւններ կատարելու վերաբերեալ:
Աւելցնենք, որ ներկայի գործող սահմանափակումը կը պահանջէ դաշտին վրայ առնուազն երեք հայ ֆութպոլիստ ունենալ: