Էն. Պի. Էյ. Լէյքըրզ Իր 7-րդ Յաջորդական Մրցումը Յաղթեց Շնորհիւ Տոնչիչի (40 Կէտ) Եւ Լըպրոնի (30 Կէտ)

Լոս Անճելըս Լէյքըրզ երէկ 124-116 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Հիուսթըն Ռոքեթցը` արձանագրելով իր 7-րդ յաջորդական յաղթանակը:

Լուքա Տոնչիչ 40 կէտ նշանակեց, իսկ Լըպրոն Ճէյմս 30 կէտ աւելցուց Լէյքըրզի հաշուոյն, որ արձանագրեց իր 44-րդ յաղթանակը` բարձրանալով Արեւմտեան շրջանի 3-րդ դիրք: Միայն Օքլահոմա Սիթի Թանտըր եւ Սան Անթոնիօ Սփըրզ աւելի լաւ արդիւնք արձանագրած են Արեւմտեան շրջանին մէջ:

Քեւըն Տիւրենթ 18 կէտ կրցաւ նշանակել ի նպաստ Հիուսթընի եւ շատ մօտ կը գտնուի Մայքըլ Ճորտընի առաւելագոյն կէտերու հաշիւին (32.292): Տիւրենթ շատ հաւանաբար 2-3 մրցումէն ձեռք ձգէ 69 կէտ` բարձրանալով Մայքըլ Ճորտընի այժմու գրաւած 5-րդ դիրքը:

Արեւելեան շրջանի Բ. դիրքը գրաւող Պոսթըն Սելթիքս (Տիթրոյիթ Փիսթընզի ետին) 120-99 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզը:

Ճէյլըն Պրաուն 32 կէտ նշանակեց ի նպաստ Պոսթընի, որ 46-րդ յաղթանակը արձանագրեց, մինչ Կոլտըն Սթէյթ կրեց իր 36-րդ պարտութիւնը:

Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.

Ինտիանա Փէյսըրզ – Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ 119-127
Պրուքլին Նեթց – Օքլահոմա Սիթի Թանտըր 92-121
Պոսթըն Սելթիքս – Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ 120-99
Շիքակօ Պուլզ – Թորոնթօ Ռեփթըրզ 109-139
Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ – Եութա Ճեզ 147-111
Նիւ Օրլինզ Փելիքընզ – Լոս Անճելըս Քլիփըրզ 124-109
Մեմֆիս Կրիզլիզ – Տենվըր Նակեթց 125-118
Տալաս Մեւրիքս – Աթլանթա Պոքս 120-135
Հիուսթըն Ռոքեթց – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ 116-124

Leave a Comment