Չորեքշաբթի, 18 մարտի կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին, Այնճարի քաղաքապետարան այցելեց Լիբանանի մէջ Հարաւային Քորէայի դեսպան Կիւսոք Ճիոն: Անոր կ՛ընկերակցէին փոխդեսպան Քիոն Նոհ, դեսպանատան Պեքայի ներկայացուցիչ Ճիոնկ Պիոնկհուն եւ դեսպանատան պաշտօնեայ` Ժաքլին Քարամ:
Հիւրերը ընդունուեցան քաղաքապետ Սեդրակ Հաւաթեանի, փոխքաղաքապետ Շահան Փանոսեանի եւ Քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ Վիգէն Քէշիշեանի եւ Գալէ Տէր Գալուստեանի կողմէ:
Շուրջ մէկ ժամ տեւած հանդիպումին քննարկուեցան երկրին մէջ տիրող ներկայ պայմանները եւ Այնճարի իրավիճակը:
Դեսպանը մօտէն հետաքրքրուեցաւ Այնճարի մասին եւ տեղեկացաւ, որ արդէն կազմուած է շտապ մարմին` գիւղի միութեանց ներկայացուցիչներէն բաղկացած: Տեղեկացաւ, որ գիւղին մէջ կան մօտ 500 հոգի, որոնք եկած են անապահով շրջաններէ եւ տուներ ու հիւրանոցներ վարձած: Իսկ շտապ մարմինին դասաւորումով շուրջ 22 ընտանիքներ տեղաւորուած են Այնճարի Հայ կաթողիկէ վարժարանին մէջ, որ տրամադրուած է համայնքին կողմէ:
Եկուորները` առաւելաբար լիբանանցի բանակայիններու ընտանիքներ, բոլորն ալ արձանագրուած են քաղաքապետութեան մօտ յատուկ ցանկերով:
Շտապ մարմինը անհրաժեշտ հոգատարութիւնը կը կատարէ: Անշուշտ կան բարեսիրական միութիւններ, որ իրենց կարգին նպաստ կը տրամադրեն, սակայն գիւղի շտապ մարմինն է, որ կը համադրէ այս աշխատանքը` քաղաքապետութեան հովանաւորութեամբ:
Դեսպանը խոստացաւ, որ ինք նաեւ իր կարգին կարելին պիտի ընէ, որ դեսպանատունը ունենայ իր որոշ օժանդակութիւնը, որ քաղաքապետութեան վրայ չմնայ բեռը: