Երէկ Ֆիթրի տօնին առիթով ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ընկերային ցանցերու իր հարթակներուն ընդմէջէն յղեց հետեւեալ շնորհաւորական խօսքը:
«Ֆիթրի տօնին առիթով ՀՅԴ-ն ընդհանրապէս լիբանանցիները եւ մասնաւորաբար իսլամները կը շնորհաւորէ` Աստուծմէ հայցելով` որ մեր հայրենիք Լիբանանին պարգեւէ ամենայն բարիք, խաղաղութիւն եւ միասնակամութիւն»:
Լիբանանի անցած դժուարին պայմաններուն եւ պատերազմին պատճառած ցաւերուն ու մարտահրաւէրներուն լոյսին տակ, ՀՅԴ-ն կը վերահաստատէ իր համերաշխութիւնը բոլոր լիբանանցիներուն հետ` յուսալով, որ այս տօնը իրեն հետ կը բերէ յոյսի նշոյլ` տառապանքը դադրեցնելու եւ հայրենիքին վերադարձնելու ապահովութիւնն ու կայունութիւնը: Կը մաղթենք բոլոր զաւակներուն միջեւ համերաշխութեան եւ զօրակցութեան ոգին ամրապնդելու»: