Իրանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը լուրջ ժողովներու մէջ կը գտնուի ՖԻՖԱ-ին հետ լուծում գտնելու համար մոնտիալին մասնակցելու հարցին:
«Լուծումը Իրանի մրցումները Մեքսիքօ փոխադրելն է` մարզիկներու ապահովութիւնը ամէն ինչէ առաջ դասելով», ըսաւ Իրանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Մեհտի Թաժ:
Իրանի մասնակցութիւնը` 2026-ի մոնտիալին, կասկածի տակ առնուած էր, երբ հիւրընկալ երկիրներէն Միացեալ Նահանգներ, Իսրայէլի հետ պատերազմական գործողութիւններ շղթայազերծեցին Իրանի դէմ:
«Երբ Թրամփ բացայայտօրէն յայտնեց, որ Իրանի ազգային խումբին ապահովութիւնը չի կրնար երաշխաւորել, վստահաբար Միացեալ Նահանգներ պիտի չճամբորդենք», ըսաւ Թաժ:
«Մենք կը բանակցինք ՖԻՖԱ-ին հետ` մեր մրցումները Մեքսիքօ փոխադրելու», նշեց Թաժ: ՖԻՖԱ իր կարգին բոլոր մասնակից երկիրներուն հետ լուրջ կապերու մէջ կը գտնուի, նոյնիսկ Իրանի ֆետերասիոնին հետ, բայց առայժմ Ինֆանթինօ այդքան ալ դրական պատասխան չունի:
Մեքսիքոյի նախագահ Քլաուտիա Շէյնպաում մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ իր երկիրը որեւէ հարց չունի հիւրընկալելու Իրանի մրցումները, անշուշտ եթէ ՖԻՖԱ համաձայն ըլլայ:
Իրան ապահոված էր իր տոմսը` մասնակցելու յաջորդական 4-րդ Մոնտիալին, իր խմբակին առաջին դիրքը գրաւելէ ետք Ասիոյ զտումի մրցումներուն:
Մոնտիալը պիտի սկսի 11 յունիսին, Միացեալ Նահանգներ, Քանատա եւ Մեքսիքօ պիտի հիւրընկալեն զայն, իսկ Իրան սկզբունքով Լոս Անճելըսի մէջ երկու մրցում պիտի ունենայ եւ այլ մրցում մը` Սիեթըլի մէջ:
Պելճիքա, Եգիպտոս եւ Նոր Զելանտա կը գտնուին Իրանի հետ Է. խմբակին մէջ:
Եթէ ՖԻՖԱ մերժէ փոխադրել Իրանի մրցումները, շատ հաւանաբար Իրան չմասնակցի Մոնտիալին, մանաւանդ որ Միացեալ Նահանգներու հետ պատերազմի մէջ է: Իրանի մարմնակրթութեան նախարարը անցեալ շաբաթ յայտնած էր, որ Իրան պիտի չմասնակցի Մոնտիալին` Թեհրանի վրայ Միացեալ Նահանգներու յարձակումներէն ետք (Իսրայէլի հետ), որոնց ընթացքին սպաննուեցան Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետը եւ բարձրաստիճան ղեկավարներ:
Ասիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը յայտնած էր, որ տակաւին պաշտօնական տեղեկութիւն չէ ստացած Իրանի կողմէ, որ ան պիտի չմասնակցի Մոնտիալին: Իրանի կողմէ Մոնտիալի մասնակցութենէն պաշտօնապէս քաշուիլը պիտի դառնայ առաջինը, բան մը, որ ՖԻՖԱ-ն պիտի ստիպէ զայն փոխարինող խումբ մը գտնելու: