Թրամփ. «Քուպան Կ՛ուզէ Միացեալ Նահանգներու Հետ Գործարք Կնքել»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է, որ Քուպան յոյս ունի «գործարք» մը կնքել, որ կրնայ տեղի ունենալ «բաւական արագ»:

«Քուպան նոյնպէս կ՛ուզէ գործարք կնքել, եւ ես կը կարծեմ, որ մենք շատ շուտով կա՛մ գործարք պիտի կնքենք, կա՛մ պիտի ընենք այն, ինչ  որ պէտք է ընենք», լրագրողներուն ըսաւ Թրամփ:

«Այսպիսով, մենք կը խօսինք Քուպայի հետ, սակայն մենք Քուպայէն առաջ Իրանի հետ գործ պիտի ունենանք… Այնպէս որ, կը կարծեմ, որ Քուպայի հետ բան մը շատ արագ պիտի պատահի», աւելցուց Միացեալ Նահանգներու նախագահը:

Քուպայի նախագահ Միկել Տիաս-Քանել ուրբաթ օր հաստատած էր, որ իր կառավարութիւնը Միացեալ Նահանգներու հետ «երկկողմանի տարակարծութիւններու» շուրջ բանակցութիւններ վարած է, սակայն քննարկումներու վերաբերեալ մանրամասնութիւններ չէ յայտնած:

Թրամփ յունուարին կղզին դրաւ Միացեալ Նահանգներու նաւթային շրջափակման տակ:

Միացեալ Նահանգներու պատժամիջոցներու կիրարկումը արդէն յանգեցուցած է ուժանիւթի մատակարարման կրճատման, եւ Քուպան կը տառապի ելեկտրականութեան անջատումներու աճող քանակէ, որոնք կը վնասեն թէ՛ բնակելի անշարժ գոյքին, թէ՛ ալ արդիւնաբերութեան:

Թրամփ յայտարարած է, որ Քուպան «անկում կ՛ապրի»:

Leave a Comment