Մինչ Լիբանան կը շարունակէ յայտարարել, որ պատրաստ է բանակցելու Իսրայէլի հետ, վերջինը անվտանգութեան կամ արգելակիչ գօտիի սահմանները կը ճշդէ եւ իր նախագծած տարածքը կ՛անջատէ Լիբանանէն բոլոր կամուրջները քանդելով: Փաստօրէն, ըստ էութեան լիբանանեան տարածքներու բռնակցում կը կատարուի ընդհանուր սահմանէն մինչեւ Լիթանի-Զահրանի:
Անվտանգութեան գօտիի անուան տակ տարածքներու բռնակցումով երկրի ջրային պաշարներուն տիրապետելով Իսրայէլ քանի մը խնդիր կը լուծէ այս ձեւով: Պէյրութի առաջարկին չպատասխանելը, նախապայմաններ առաջ քշելը եւ միայն Դիմադրութեան անձնատուութենէն ետք զինադուլի շուրջ երկխօսութիւն սկսելու դիրքորոշումը լոյս կը սփռեն հիմնական նպատակին վրայ:
Երկխօսութիւնը, ըստ իսրայէլեան տրամաբանութեան, կը սկսի ներխուժումի իրականացումէն եւ տարածքներու իրողական բռնակցումէն ետք միայն: Պարզ է, որ ներխուժման գործողութիւնները հեզասահ չեն ընթանար: Ցամաքային մարտեր, դիմադրութիւն, նահանջ-յարձակում ռազմական արարներու շարք մըն է, որ կը սկսի այս ձեւով: Էական է այստեղ արձանագրելը, որ հարաւային տարածքները Լիբանանեան միւս շրջաններէն տարանջատելը, կամուրջներու կազմաքանդումով, այդ գօտիին նոր կարգավիճակ հաղորդելու մղումն ու նպատակը կը հետապնդէ:
Հիմա գօտիի աշխարհագրութիւնը սկսած է ուրուագծուիլ: Յաջորդը այդ տարածքներու իսրայէլեան ուժերու վերահսկողութիւնն է, ապա բանակցութիւններ այդ գօտիի կարգավիճակին շուրջ: Անմարդաբնակ, արգելակիչ թէ անվտանգային, յամենայն դէպս անջատուած լիբանանեան գերիշխանութենէն եւ իրողապէս` տարածքային ամբողջականութենէն: Քննարկումի կրնան դրուիլ նաեւ միջազգային ուժերու ներգրաւուածութեամբ վերահսկողական գործիքակազմեր գործարկելու կարելիութիւնները եւ այսպէս շարունակ: Միջազգային ընտանիքի համապատասխան կառոյցներ կրնան կոչեր հնչեցնել, բանաձեւեր քուէարկել, նոյնիսկ շեշտել հրամայականը տարածքային ամբողջականութեան եւ գերիշխանութեան պահպանման, գետնի վրայ սակայն իրադարձութիւնները կը շարունակեն արձանագրուիլ ուժի դիրքերէ մեկնած:
Տարածքային ամբողջականութեան խնդրոյ առարկայ դառնալու այլ բեմագրութիւններ եւս կը շրջանառուին: Այս անգամ դրացի Սուրիայէն ուժեր տարբեր ուղղութիւններէ կրնան «հրաւիրուիլ» առնչուած պետութիւններու կողմէ, «ահաբեկչազերծելու» համար լիբանանեան տարածքներ: Իսկ այդ ուժերու ենթադրեալ առկայութիւնը դարձեալ ոտնահարած կ՛ըլլայ տարածքային ամբողջականութիւնը:
Լիբանան կը տուայտի տարածքներ զիջելու, ջրային պաշարներ այլոց պարտադիր սպասարկած ըլլալու, գաղթականական զանգուածներ տեղաւորելու, ներքին լարուածութիւնները կանխարգիլելու, բանակին մէկութիւնն ու հեղինակութիւնը պահպանելու եւ նման ճակատագրորոշ ընտրութիւններու առջեւ կանգնած ըլլալու միջեւ` դիմակայելով խոր եւ երկարատեւ ճգնաժամեր:
Քարիւղի կեդրոններու տիրապետման պատերազմը համաշխարհային մակարդակով ջրային պաշարներու ձեռք բերման կը վերափոխուի: Առ այժմ երկու ուղղութեամբ զուգահեռ ընթացք է: Իսրայէլի սպառնալիքը ծովային սահմանազատման համաձայնութիւնը չեղարկելու կազի եւ քարիւղի յաւելեալ հատուածներ ձեռք ձգելու նպատակը կը հետապնդէ. իսկ հարաւային տարածքին բռնակցումը` ջրային պաշարներու տիրապետումը:
«Ա.»